Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի ԱԱԾ, Ռուսաստանի ԱԴԾ Եւ Ատրպէյճանի ԱՊԾ Տնօրէնները

Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի ԱԱԾ, Ռուսաստանի ԱԴԾ Եւ Ատրպէյճանի ԱՊԾ Տնօրէնները

by MassisPost

Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) տնօրէն՝ Ալեքսանտր Պորտնիքովի նախաձեռնութեամբ՝ Դեկտեմբեր 28-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ հանդիպում Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) եւ Ատրպէյճանի անվտանգութեան պետական ծառայութեան (ԱՊԾ) տնօրէններու միջեւ:

Հանդիպման ընթացքին, համաձայն ՀՀ ԱԱԾ հաղորդագրութեան, քննարկուած են շարք մը անհրաժեշտ հարցեր, անոնց կարգին՝ նաեւ գերիներու փոխանակման եւ անհետ կորածներու որոնողական աշխատանքներուն վերաբերող:

Հանդիպման ձեռք բերուած են նաեւ պայմանաւորուածութիւններ տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներու իրագործման վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment