Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

by MassisPost

2021 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, «Ազատութիւն»-ին փոխանցեց վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան, որ վաղ կը համարէ երէկուայ խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ վարչապետի ունեցած հանդիպումներուն որեւէ գնահատական տալը: «Թերեւս մօտ ապագայում հնարաւոր կը լինի աւելի յստակ զրուցել այս թեմայի շուրջ: Արտախորհրդարանական ուժերի ներկայացուցիչների հետ են շարունակուելու քննարկումները», – ըսաւ Գէորգեան:

Հարցադրման, այսինքն` չնայած երէկուայ ոչ յաջող հանդիպումներուն` արտահերթ ընտրութիւնները կը շարունակե՞ն մնալ օրակարգին վրայ, խօսնակը պատասխանեց. «Ես չեմ կարող ասել, որ երէկուայ հանդիպումները չստացուած են: Ամէն դէպքում քննարկումը ծաւալուել է, շահագրգիռ կողմերը լսել են միմեանց, եւ այո, քննարկումներն այս փուլում դեռ շարունակւում են»:

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 30–ին, կառավարութենէն ներս վարչապետ Փաշինեան հանդիպած է «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արման Բաբաջանեանի հետ։ Հանդիպման աւարտին Բաբաջանեան ըսաւ, թէ իր տպաւորութեամբ վարչապետը հաւատարիմ է արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու իր յանձառութեան, իսկ իր ղեկավարած ուժը կ’աջակցի անոր այդ հարցով. «Ինձ համար տարօրինակ է քաղաքական այն ուժերի արձագանգը, ովքեր արտահերթ ընտրութիւններին դէմ են արտայայտւում եւ հրաժարական են պահանջում: Ի վերջոյ, մենք գիտենք, որ արտահերթ ընտրութիւններն այս ճգնաժամը հանգուցալուծող ամենաարդիւնաւէտ գործիքն են, եւ չգնալ այդ ճանապարհով նշանակում է նոր ճգնաժամեր առաջացնել: Ցանկացած ընտրութիւն, այդ թւում նաեւ «Իմ քայլի» կամ «Քաղաքացիական պայմանագրի» այլ անդամի` վարչապետի պաշտօնում ընտրութիւն ես խորը համոզում ունեմ, որ չի հանգուցալուծելու քաղաքական ճգնաժամը, հակառակը` կարծում եմ, որ նոր ճգնաժամեր են առաջանալու»:

Գործող վարչախումբի հետ քաղաքական քննարկումներուն իր մասնակցութիւնը բացառած է նախկին իշխող ուժը՝ Հանրապետականը, որ այժմ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» մաս  կը կազմէ։ Նախկին նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ուժը այսօր յայտարարած է, որ պետութեան վերականգնման անկիւնաքարային քայլը կը համարեն գործող կառավարութեան անյապաղ հեռացումը։

Երէկ Փաշինեան չյաջողեցաւ համաձայնութեան գալու նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ։ «Բարգաւաճ Հայաստան»էն Գագիկ Ծառուկեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան»էն Էտմոն Մարուքեան հանդիպումներէն յետոյ յայտարարեցին, որ մերժած են Փաշինեանի առաջարկը եւ կը շարունակեն պնդել, թէ ան պէտք է հեռանայ։

ԲՀԿ-ն եւս «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» միացած է, որու վարչապետի թեկնածուն Հայաստանի նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանն է։ Շարժումը դէմ է Փաշինեանի վարչապետութեամբ արտահերթ ընտրութիւններուն ։ Կ’առաջարկէ` նախ Փաշինեան հրաժարական տայ, յետոյ խորհրդարանը ընտրէ ժամանակաւոր վարչապետ, եւ մէկ տարի անց միայն կատարուին արտահերթ ընտրութիւններ։ Ծառուկեան երէկ հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց, որ իրենց օրակարգը չէ փոխուած. «Ինչ որ ես ասել եմ հրապարակային, նոյնն ասացի վարչապետին, որ այսօր այս իրավիճակից երկիրը հանելու համար անհրաժեշտ է իր հրաժարականը, միակ ելքը դա է»:

Ընդդիմադիրները կը պնդեն, որ Նիկոլ Փաշինեան արդար ընտրութիւններ չի կատարեր։ Բաբաջանեանէն հետաքրքրուեցանք, թէ ինք նման մտահոգութիւններ ունի՞։ «Ճիշդն ասած` այդ մասին խօսեցինք վարչապետի հետ, եւ վարչապետը վկայաբերեց Գագիկ Ծառուկեանի հետ ունեցած իր զրոյցը, որտեղ Գագիկ Ծառուկեանը կասկածի տակ չի դրել առհասարակ Նիկոլ Փաշինեանի` ազատ, արդար ընտրութիւններ անցկացնելու յանձնառութեանը եւ նրա կարողութիւններին, հետեւաբար այլ տեղ պէտք է այդ պատճառը փնտռել: Ես ինքս էլ հեռու եմ այն մտքից, որ այս իրավիճակում իշխանութիւնները կը գնան որեւէ արկածախնդրութեան եւ կը փորձեն որեւէ կերպ խախտել ընտրութիւնները եւ ընտրութիւնների օրինականութիւնը»:

Խորհրդարանական միւս ուժը` «Լուսաւոր Հայաստանը» եւս փոխհամաձայնութեան չէ եկած Փաշինեանի հետ, անոնք եւս կը պահանջեն, որ Փաշինեան հեռանայ վարչապետի պաշտօնէն։ «Լուսաւոր Հայաստանի» վարչապետի թեկնածուն՝ Էտմոն Մարուքեան է, որ երէկուայ հանդիպումէն յետոյ ընդգծեց` խորհրդարանը չի կրնար ցրուիլ, քանի դեռ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները դէմ են անոր. «Ճգնաժամը շարունակւում է: Առանց մեզ` առանց «Լուսաւոր Հայաստանի», առանց «Բարգաւաճ Հայաստանի» այս խորհրդարանը չի կարող ցրուել: Եթէ մենք չեղանք ցրման գործընթացի մէջ, խորհրդարանը չի ցրուելու: Դա նշանակում է, որ վարչապետի հրաժարականի պահին ես կարող եմ առաջադրուել որպէս թեկնածու, ընտրուել, եւ խորհրդարանը չի ցրուի: Հետեւաբար այդ համաձայնութիւնը չկայ, եւ խորհրդարանը չի ցրուի»:

Երէկուայ հանդիպումէն յետոյ ո՛չ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցը, ո՛չ ալ վարչապետ Փաշինեան հարցերուն պատասխանեցին։ Այսօր եւս չյաջողեցանք կապ հաստատել «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորնեու հետ` հասկանալու համար, թէ երէկուայ հանդիպումներէն յետոյ իշխող ուժի օրակարգին վրայ արտահերթ ընտրութիւններու հարցը կը շարունակէ մնալ, թէ ոչ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment