Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լիլիթ Մակունց կը Յորդորէ Ընդդիմադիրներուն Նստիլ Սեղանի Շուրջ Եւ Քննարկել Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցը

Լիլիթ Մակունց կը Յորդորէ Ընդդիմադիրներուն Նստիլ Սեղանի Շուրջ Եւ Քննարկել Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարցը

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունց կը շեշտէ, որ վարչապետի կառավարութենէն հրաժարականի պահանջ ներկայացնելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է նստին սեղանի շուրջ եւ քննարկեն արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու հարցը: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ՝ Մակունց այս մասին ըսաւ ԱԺ արտահերթ նիստին, անդրադառնալով իր ընդդիմադիր գործընկերներու կողմէ հրաժարականի պահանջին:

Խմբակցութեան ղեկավարը նախ յիշեցուց, որ նախորդ օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է առաջարկ՝ արտահերթ ընտրութիւններու հետ կապուած յստակ քննարկում ծաւալելու շուրջ: «Ես կարծում եմ, որ հրաժարականի մասին խօսելն այս պահին արդէն որեւէ իմաստ չունի: Ես կարծում եմ, որ օր առաջ նման պահանջ ներկայացնելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է նստեն սեղանի շուրջ եւ քննարկեն արտահերթ ընտրութիւններ անցկացնելու մասին հարցը»,-ըսաւ Մակունց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment