Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Գառնիկ Իսագուլեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Գառնիկ Իսագուլեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

«Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Գառնիկ Իսագուլեանին մեղադրանք առաջադրուած է, կը հաղորդէ Քննչական կոմիտէն՝ նշելով, որ կը շարունակուի Իսագուլեանի կողմէ առերեւոյթ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Կոմիտէն նշած է, որ, միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանաւորում ընտրելու վերաբերեալ, որ մերժուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Իսագուլեան ձերբակալուած էր երէկ՝ Դեկտեմբեր 24-ին, ըստ Քննչական կոմիտէի (ՔԿ), բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու կասկածանքով։

ՔԿ-ն կը հաղորդէ, որ Youtube-ով, «Նիկոլին գնդակահարողին պէտք է տալ Ազգային հերոսի կոչում կամ մէկ միլիոն տոլար պարգեւավճար» վերնագրով տեսանիւթով «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահի կողմէն բռնութեան կոչեր հնչեցնելու դէպքի առթիւ քննուող քրէական գործով կատարուած քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած է, որ Իսագուլեան ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի վարչապետի նկատմամբ քաղաքական ու այլ հայեացքներով պայմանաւորուած հրապարակայնօրէն հնչեցուցած է բռնութեան կոչեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment