Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԺ-ի Մօտ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած Է

ԱԺ-ի Մօտ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Առթիւ Քրէական Գործ Յարուցուած Է

by MassisPost

Ազգային ժողովի մօտ այսօր՝ դեկեմբեր 28-ին տեղի ունեցած միջադէպի առթիւ ոստիկանութենէն ներս քրէական գործ յարուցուած  է, կը յայտնեն ոստիկանութենէն: Յանցագործութեան կատարման կասկածանքով բերման ենթարկուած է 15 անձ:

Ոստիկանութեան հաղորդմամբ` քաղաքացի Ա.Ս.-ն ձերբակալուած է։ Ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին բերուած է նաեւ հաւկիթներով լեցուած ինքնաշարժը։

Ըստ ոստիկանութեան հաղորդագրութեան` խումբ մը անձինք, նախնական համաձայնութեամբ, Ազգային ժողովի բնականոն աշխատանքի խոչընդոտման դիտաւորութեամբ, կոպիտ կերպով խախտելով հասարակական կարգը եւ անտեսելով հասարակական համակեցութեան կանոնները, բացայայտ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելով հասարակութեան նկատմամբ եւ ընդգծուած արհամարհական պահուածք՝ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նկատմամբ, նախապէս իրենց հետ բերելով եւ Երեւանի Դեմիրճեան փողոցը կայանելով հաւկիթներով լեցուած ինքնաշարժ, իրենց լիազօրութիւնները կատարելու կապակցութեամբ վէճի բռնուած են ԱԺ պատգամաւորներ Սիսակ Գաբրիէլեանի եւ Անդրանիկ Քոչարեանի հետ, հաւկիթներով հարուածած անոնց ինքնաշարժները եւ Սիսակ Գաբրիէլեանը: Միջադէպի ընթացքին նաեւ գործադրուած է բռնութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment