Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ժողովուրդը Պէտք Է Իր Ընտրութեամբ Որոշէ Ով Է Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետը․ Նիկոլ Փաշինեան

Ժողովուրդը Պէտք Է Իր Ընտրութեամբ Որոշէ Ով Է Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետը․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Արցախի որոշ բնակավայրերու մէջ, Ատրպէյճանի կողմէն տեղային գործողութիւնները ունին հեռահար նպատակ՝ ռուս խաղաղապահներու դուրս հանելու օրակարգ ձեւաւորելու համար։ Այս մասին Ազատութիւն ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Յամենայնդէպս կարեւոր է արձանագրել, որ առնուազն երէկուայ դրութեամբ Ատրպէյճանը խաղաղապահների մանտաթը հաստատող փաստաթուղթը չէր ստորագրել։ Եւ այս առումով բոլոր այդ գործողութիւնները մենք դիտարկում ենք այս համաթեքսթում»,- աւելցուց Փաշինեան։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի պատասխանատւութեան, ան նշեց, որ ՀՀ-ն որեւէ պատասխանատւութիւն իր վրայէն չի թօթափեր։ «Բայց նաեւ իրադրութեան յստակ վերլուծութիւնը ցոյց է տալիս, որ այս գործողութիւնները մենք պէտք է լուծենք խաղաղապահների եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ»,- աւելցուց վարչապետը։

Անդրադառնալով հարցին, թէ հնարաւո՞ր է ստեղծուի իրավիճակ, որ ատրպէյճանցիները ըսեն, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է դուրս գան, եւ պատերազմը շարունակուի՞, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ․ «Յամենայնդէպս քաղաքական այդպիսի հեռահար նպատակի ձեւակերպում ես տեսնում եմ։ Այսօր նման հարց դնել, ի հարկէ, չի ստացուի։ Բայց որ նրանք փորձում են խաղաղապահների ներկայութիւնն արժեզրկել, դա ակնյայտ է։ Եւ այս առումով կարեւոր եմ համարում, որ խաղաղապահների եւ ՌԴ արձագանգը լինի համարժէք այս իրադրութեան»։

Խօսելով արտահերթ ընտրութիւններու մասին Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւնները չեն կրնար ըլլալ միայն իր կամքով եւ որոշմամբ, անոր շուրջ պէտք է ձեռք բերուի համաձայնութիւն:

Անդրադառնալով հարցին, թէ իսկապէ՞ս այս իրավիճակին մէջ տրամաբանական չէ, որ օրինակ՝ ըլլայ փոփոխութիւն գոնէ վարչապետի, Փաշինեան պատասխանեց. «Հարցն այն չէ, թէ վարչապետը հեռանայ, թէ չհեռանայ, հարցն այն է, թէ ո՞վ է որոշում, թէ ով է Հայաստանի Հանրապետութիւնում վարչապետը: Ժողովուրդը պէտք է իր ընտրութեամբ որոշի, արտահերթ ընտրութիւնները չեն կարող լինել միայն իմ կամքով եւ որոշմամբ, դրա շուրջ պէտք է ձեռք բերուի համաձայնութիւն»:

Անդրադառնալով պատասխանատւութիւն ստանձնելու, սակայն «այլ ուղղութիւններով մեղադրանքներ ուղղելու» մասին հարցին՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Շատ լաւ, ես ասում եմ՝ ես ինձ համարում եմ թիւ մէկ պատասխանատուն, բայց չեմ համարում թիւ մէկ մեղաւորը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment