Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Նախկին Պաշտօնեայի Կողմէ Իշխանութեան Իւրացման Փորձի Դէպքեր

ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Նախկին Պաշտօնեայի Կողմէ Իշխանութեան Իւրացման Փորձի Դէպքեր

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ ձեռնարկած մեծածաւալ միջոցառումներու շնորհիւ բացայայտած է նախկին պաշտօնատար անձի կողմէ կազմակերպուած բռնութիւն գործադրելու եղանակով իշխանութեան իւրացման փորձի դէպքեր:

Մասնաւորապէս, ըստ հաղորդագրութեան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան քննչական բաժնէն ներս քննուող քրէական գործով ձեռք բերուած է բաւարար ապացոյցներու համակցութիւն այն մասին, որ Հ.Ծ.-ն, ունենալով ընդգծուած հակաիշխանական հայեացքներ, նախնական համաձայնութեան գալով նախկին Ազգային ժողովի «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութեան անդամ, տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախկին նախագահ՝ Վ.Ա.-ի եւ տակաւին ինքնութիւնները չպարզուած այլ անձերու հետ, գրանցուած ըլլալով «Դիմատետր» ընկերային ցանց եւ ունենալով հետեւորդներու զգալի քանակ, նպատակ ունենալով անվստահութիւն սերմանելու միջոցով իշխանութեան իւրացման համար ստեղծել նպաստաւոր պայմաններ, 2019-2020 թուականներու ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւններու, անոնց կարգին՝ վարչապետի եւ իր ընտանիքի անդամներուն, կառավարութեան անդամներու եւ վերջինիս կազմէն ներս ընդգրկուած պաշտօնատար անձերու, ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու հասցէին ինչպէս անձամբ, այնպէս ալ իր համակիրներու միջոցով պարբերաբար հրապարակած եւ տարածած է վարկաբեկիչ, արատաւորող եւ ստայօդ տեղեկութիւններ, այդ կերպ փորձելով հեղինակազրկել գործող իշխանութիւնները, արատաւորել վերջիններս եւ հանրութենէն իշխանութիւնը իւրացնելու գործողութիւներու անմիջական կատարման ժամանակ ստանալ աջակցութիւն:

2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի եւ անով պայմանաւորուած՝ նոյն օրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն, 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին պատերազմը դադարեցնելու եւ Արցախի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող շարք մը տարածքներ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնելու մասին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը զանգուածային լրատուութեան միջոցներով հրապարակուելէն յետոյ, ինչպէս ԱԱԾ-ն կը հաղորդէ, Հ.Ծ.-ն, տեղեկանալով Հայաստանի տարբեր տարածքներուն, յատկապէս մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գտնուող Կառավարութեան, Ազգային ժողովի շէնքերուն եւ պետական նշանակութեան այլ կառոյցներուն ու հասարակական վայրերուն մէջ զանգուածային անկարգութիւններ տեղի ունենալու մասին եւ գիտակցելով, որ իշխանութիւնը իւրացնելու համար ստեղծուած են նպաստաւոր պայմաններ, խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ ձեռնամուխ եղած է բռնութիւն գործադրելու միջոցով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած այլ եղանակով իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած գործողութիւններու անմիջական կատարման եւ այդ նպատակով նախ մասնակցած է Ազգային ժողովէն ներս կատարուող՝ գոյք ոչնչացնելու եւ վնասելու զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններուն, որպիսի գործողութիւններու հետեւանքով վտանգուած է հասարակական անվտանգութիւնը, ապա խումբի միւս անդամներուն հետ, նկատելով ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին յատկացուած «Թոյոթա Լենտ Կրաուզըր» մակնիշի ծառայողական ինքնաշարժը, փոխլրացնելով իրարու գործողութիւնները, շրջափակած են զայն, զանգուածային անկարգութիւններու միւս մասնակիցներուն հետ միասին ճոճած ու թափահարած է ինքնաշարժը՝ փորձելով զայն շրջել, բարձրացած է ինքնաշարժին վրայ, բռնութիւն գործադրելու նպատակով բացած է ինքնաշարժի վարորդի կողմի դուռը, որու ընթացքին զանգուածային անկարգութեան մասնակիցները վնասած են Արարատ Միրզոյեանի ծառայողական ինքնաշարժը՝ կոտրելով նաեւ ինքնաշարժին ապակիները՝ այդ կերպ հարկադրելով Ազգային ժողովի նախագահին եւ վերջինիս անվտանգութիւնը ապահովող ծառայողներուն դուրս գալ ինքնաշարժէն, որմէ յետոյ Հ. Ծ.-ն խումբ մը այլ անձերու հետ բռնութիւն գործադրած է Արարատ Միրզոյեանին եւ ՀՀ ԱԱԾ Պետական Պահպանութեան Ծառայութեան (ՊՊԾ) ազգային ժողովի նախագահի անվտանգութեան ապահովման բաժնի ծառայողներուն նկատմամբ, ոտքերով եւ ձեռքերով բազմաթիւ հարուածներ հասցնելով անոնց գլխուն եւ մարմնին տարբեր մասերուն, որու հետեւանքով Արարատ Միրզոյեան կորսնցուցած է գիտակցութիւնը եւ տեղափոխուած «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն:

Այնուհետեւ, Հ.Ծ.-ն, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, շարունակելով իր գործողութիւնները, մտադրուած ըլլալով աւարտին հասցնել բռնութիւն գործադրելու միջոցով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած այլ եղանակով, այն է՝ առանց ընտրութիւններ տեղի ունենալու, Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգի խախտմամբ կառավարութիւն ձեւաւորելու եւ նման ապօրինի եղանակներով իշխանութիւնը զաւթելուն ուղղուած գործողութիւնները, անտեսելով Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդին պատկանելու ՀՀ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած նորմը, իշխանութիւնը ձեւաւորելու ժողովուրդի ազատ կամայայտնութեան իրաւունքը, քննութեամբ չպարզուած խումբ մը անձերու հետ, բռնութիւն գործադրելու նպատակով Երեւան քաղաքի Բաղրամեան պողոտային վրայ փնտռած են վարչապետը, կառավարութեան տարածքային քաղաքականութիւնը կատարող, հանրապետական գործադիր մարմիններու տարածքային ծառայութիւններու գործունէութիւնը համակարգող պաշտօնատար անձ հանդիսացող մարզպետներուն եւ այդ կերպ վերջնականապէս վերացնել իշխանութեան իւրացման համար առկայ բոլոր հնարաւոր խոչընդոտները, որու մասին տեղեկացած է կազմակերպիչներէն, նախկին Ազգային ժողովի «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութեան անդամ, տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախկին նախագահ Վ. Ա.-ին՝ յորդորելով վերջինիս ձեռնամուխ ըլլալ նախապէս մշակուած ծրագրի համաձայն կատարել իշխանութեան իւրացումը, սակայն Հ.Ծ.-ն եւ խումբի միւս անդամները կամքէ անկախ հանգամանքներով աւարտին չեն հասցուցած յանցագործութիւնը, քանի որ անոնց ապօրինի գործողութիւնները չեն ստացած հանրային աջակցութիւն, իսկ ՀՀ վարչապետի անվտանգութիւնը ապահովող ծառայողները կանխած եւ խափանած են ՀՀ վարչապետի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելը, դէպքէն կարճ ժամանակ առաջ վարչապետը տեղափոխելով անվտանգ վայր, որու կապակցութեամբ հետագային Հ. Ծ.-ն իր համակիրներուն հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ափսոսանք յայտնած է՝ նշելով, որ եթէ դէպքի օրը իրադարձութիւնները «ճիշդ ձեւով» ընթանային, ապա արդէն իսկ զաւթած կ’ըլլային իշխանութիւնը աւելցնելով, որ «սրանք հմի չէին լինելու»:

Ըստ հաղորդագրութեան, բացի այդ, Հ.Ծ.-ն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժնէն ներս քննուող քրէական գործի ծիրէն ներս ունենալով մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ, 2020 թուականի Նոյեմբեր 14-ին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը քննուող քրէական գործով իր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելու մասին հարցի քննարկման ժամանակ, իր համար բարենպաստ դատական աքթ կայացնելու եւ անազատութեան մէջ չյայտնուելու համար, իր ծանօթին օժանդակութեամբ, արդարադատութեան խոչընդոտելու նպատակով, միջամտած է գործի քննութեան:

«Նկարագրուած յանցաւոր արարքները կատարելու համար վարոյթն իրականացնող մարմնի կողմից որոշում է կայացուել Հ. Ծ-ին առաջադրուած մեղադրանքը փոփոխելու եւ նրան նոր մեղադրանք առաջադրելու մասին եւ կրկին միջնորդութիւն է ներկայացուել դատարան՝ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ՝ նկատի ունենալով, որ Դատարանի կողմից նախորդ միջնորդութիւնը մերժուել էր», – տեղեկացուցած է ԱԱԾ-ն՝ շարունակելով․ – « քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում ձեռնարկուած անյետաձգելի քննչական գործողութիւնների, այդ թւում՝ 100-ից աւելի խուզարկութիւնների արդիւնքում վարոյթն իրականացնող մարմնի տրամադրութեան տակ յայտնուել են Հայաստանի Հանրապետութիւնում գործունէութիւն ծաւալող տարբեր կուսակցութիւնների ղեկավար կազմում ընդգրկուած անձանց կողմից հետագայ հաւաքների ժամանակ բռնութիւններ, զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու, բռնութեան միջոցով ներքին անկայութիւն հրահրելու մտադրութիւններ ունենալու մասին փաստական տուեալներ», ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment