Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պատերազմէն Ամիս Մը Ետք

Հայաստանը Պատերազմէն Ամիս Մը Ետք

by MassisPost

Ամիս մը առաջ` Նոյեմբեր 9-ին Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ Հայաաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու համաձայնագիրը, որ գործնականօրէն կու գար հաստատելու հայկական կողմի պարտութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան հողերու մեծ մասին վերադարձը Ատրպէյճանին:

Ներկայիս Հայ ժողովուրդը կը գտնուի բարոյական եւ հոգեբանական անկումային վիճակի մէջ: Հայաստանի նախապէս դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ այլ դժուարութիւններուն վրայ եկան կուտակուելու նորերը: Հազարաւոր զոհեր, տեղահանուածներ, անորոշ թիւով անյայտ կորսուածներ ու գերիներ, որոնց համար պատասխանատուութիւն կը կրէ բնականաբար Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, որու ուսերուն կ’իյնայ այս ու բազմաթիւ այլ հարցեր լուծելու դժուարին պարտակութիւնը:

Այս խնդիրներուն վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ ներքին քաղաքական ճգնաժամը եւ անկայունութիւնը, որ կը հրահրեն գլխաւորաբար նախկին ռեժիմին յարող ուժերը, որոնք օգտագործելով առիթը կը ձգտին վերատիրանալու իրենց աթոռներուն եւ շարունակելու 2018-ի թաւշեայ ժողովրդային յեղափոխութենէն ետք կիսատ մնացած` երկիրը թալանելու իրենց գործը:

Անցնող մէկ ամսուայ ընթացքին 17 կուսակցութիւններէ բաղկացած ընդդիմադիրներու շարժումը չկարողանալով հասնիլ իր համար ցանկալի արդիւնքի՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին: Վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ «Ազգային փրկութեան շարժում» ստեղծելու եւ վարչապետի պաշտօնին համար նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի անունը ներկայացնելու անոնց որոշումը: Ընդդիմադրութեան պահանջը այն է որ, իշխանութիւնը յանձնուի իրենց եւ տարի մը ետք իրենք կազմակերպեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ իրենց գիտցած նախկին ձեւերով:

Կասկած չկայ, որ պատերազմէն ետք Փաշինեանի վարկանիշը արձանագրած է անկում: Սակայն, Հայաստանի քաղաքացիները որոնք անցնող երկու տարիներուն տեսան ու վայելեցին մարդավարի ապրելու գոհունակութիւնը, այսօր կը սարսափին նախկիններու վերադարձի ուրուականէն ու առ այժմ պատրաստ չեն երթալու ընդդիմադրութեան օրակարգերու ետեւէն:

Վերադառնալով Վազգէն Մանուկեանին, անոր դարձեալ յայտնուիլը քաղաքական թատերաբեմին վրայ անյաջող էր բազմաթիւ առումներով: Նախ, չիրականացաւ ակնկալուած ժողովրդային աջակցութիւնը եւ Շաբաթ օր հրաւիրուած հանրահաւաքի մասնակիցներու քանակն ու խանդավառութեան պակասը ցոյց տուաւ այդ իրողութիւնը: Երկրորդ, Մանուկեանի ունեցած ելոյթը, արտասանած խօսքերը ու հնչեցուցած սպառնալիքները անյարիր էին երկրի ղեկավարը դառնալու ձգտող քաղաքական գործիչին: Մանուկեան իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանը մի բան էլ պէտք է հասկանայ, որ ինքը ինչքան շուտ կամաւոր հրաժարական տայ, այնքան իրեն լաւ: Շարժումը չյաղթեց՝ գազազած ժողովուրդ իրեն կը յօշոտի»:

Կարելի չէ ժողովուրդը նմանցնել վայրի կենդանիներու եւ կամ ժողովրդավարական երկրի մէջ մարդ յօշետելու սպառնալիքներ հնչեցնել: Եթէ շարժումը չյաղթեց, անոր համար մեղաւորները պէտք է փնտռել այլ տեղ:

Այսքանով չբաւարարուելով Մանուկեան յայտարարեց` «ձեւաւորուող միջազգային հակա-թրքական շարժումին» միանալու մասին: Հայ ժողովուրդի դարաւոր թշնամիին դէմ այս պահուն նման սլաքներ ուղղելը առնուազն քաղաքական տհասութիւն է, որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի համար:

Ինչպէս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը բազմիցս յայտարարեց, մեր երկրի ներքին խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս ժողովրդավարութեան սկզբունքներով եւ Հայաստանի քաղաքացիներու ազատ կամքի արտայայտութեամբ:

Այսօր տիրող իրավիճակէն դուրս գալու համար կառավարութեան եւ խորհրդարանի նախաձեռնութեամբ սահմանադրական եղանակով հարցի լուծում է, երաշխաւորելով յաջորդ ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կայացումը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment