Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արտահերթ Ընտրութիւններnւն կը Դիմուի, Եթէ Հանրային Պահանջ Ըլլայ

Արտահերթ Ընտրութիւններnւն կը Դիմուի, Եթէ Հանրային Պահանջ Ըլլայ

by MassisPost

Չնայած ընդդիմութեան օրական ցոյցերուն եւ անհնազանդութեան գործողութիւններուն՝ իշխանական պատգամաւորները կը կարծեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պէտք չէ հրաժարական տայ եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնն ալ պէտք է կայունացնէ երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Բաբկէն Թունեան չի ժխտեր, որ իշխանութեան նկատմամբ հանրութեան վստահութիւնը նուազած է, բայց եղած քաղաքական ուժերէն վստահելին, ըստ պատգամաւորին, կը շարունակեն մնալ իրենք։

«Եթէ, օրինակ, էդ իշխանութիւնը գնաց, կամ էդ վարչապետը գնաց, յետոյ ո՞վ է գալու, ի՞նչ է անելու ու ի՞նչ ճանապարհային քարտէզ ունի, ես էդ հարցի պատասխանը որեւէ մէկից հանգամանալից չեմ լսել», – «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Թունեան։

Պատգամաւորը համամիտ է, որ փողոցը պայքարող 17 կուսակցութենէն բացի նաեւ ուժեր կան, որ կը պահանջեն Փաշինեանի հրաժարականը, բայց իշխանութեան կողմնակիցներն ալ, ըստ իրեն, քիչ չեն։ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողնե՞րն են շատ, թէ՞՝ կողմնակիցները, այս պահուն, պատգամաւորի խօսքով, դժուար է յստակ որոշել։

«Մենք կռահելով էդ կարծիքների մասին դատողութիւն անում ենք ըստ մամուլում, կամ համացանցերում աշխուժութեան։ Այսօր համացանցերում ու մամուլում աւելի աշխոյժ է այն մասսան, որը որ պահանջում է կտրուկ գործողութիւններ», – ըսաւ Թունեան։

Հարցին, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնը չի ցանկար հանրութեան տրամադրութիւնները որոշել սահամանդրական ճանապարհով՝ արտահերթ ընտրութիւններու միջոցով, Բաբգէն Թունեան պատասխանեց, որ սխալ կը համարուի այս պահուն ընտրութիւնները, թէեւ ընդդիմախօսներու տրամաբանութիւնը, որ պարտուած վարչապետը խոցելի է եւ չի կրնար բանակցիլ, հասկանալի կը համարէ։

«Կարծում եմ, որ էս պահին արտահերթ ընտրութիւններ անելը սխալ է, եթէ հասարակական պահանջ կը լինի, էդ քայլին անպայմանօրէն կը գնանք», – ըսաւ պատգամաւորը։

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին միացած են նաեւ շարք մը համայնքներու ղեկավարներ։ Շիրակի մարզէն աստիճանի կարգով ընտրուած պատգամաւոր՝ Նազելի Պաղտասարեան կը կարծէ, որ համայնքապետերը ընդամէնը մէկական ձայն են եւ չեն կարողացել աջակցիլ ընդդիմութեան համայնքի անունով։ Պատգամաւորը կը յիշեցնէ՝ որ համայնքներէն մէկու բնակիչներուն բողոքի հաւաքը յօգուտ Փաշինեանին։

«Նախօրէին, օրինակ, Ազատան համայնքում տեսանք, թէ ինչ է կատարւում․ հաւաքուեց ժողովուրդն ու ընդվզեց, որ իրենց անունից որեւէ մէկը նման յայտարարութիւն էր արել եւ, հակառակ այդ մօտեցման, նրանք սկսեցին պահանջել համայնքի ղեկավարի հրաժարականը», – ըսաւ Պաղտասարեան։

Իշխանականներէն Նիկոլայ Պաղտասարեանն ալ անընդունելի կը համարէ, որ իշխանութեան հրաժարականը կը պահանջեն՝ հիմք ընդունելով պատերազմի պարտութիւնը։

«Պատերազմի պարտութիւնը չի կարելի հիմք ընդունել եւ ձեւակերպել, որ պարտադիր պէտք է հրաժարական տրուի», – «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցին ըսաւ պատգամաւորը։

Ըստ անոր, հրաժարականը ամենահեշտ բանն է, որ կարող են ընել, բայց իրենք ընտրած են բարդ ճանապարհը՝ պատասխանատւութիւն ստանձնելը։

«Անկեղծ եմ ասում՝ ամենահեշտը պատասխանատւութիւնը քո վրայից գցելն է եւ տալ այլ անձի եւ ասել, որ՝ «գիտէք ինչ, դուք զրոյից սկսէք էս գործընթացը, մենք, պայմանական ասենք, պատերազմը պարտուել ենք, գցում ենք մեր պատասխանատւութիւնը ձեր վրայ, կազմակերպէք ընտրութիւններ, իշխանութիւնը վերցրէք ձեր ձեռքը եւ տեսնենք դուք պատասխանատւութիւն կարո՞ղ էք կրել իրավիճակից, թէ՞՝ ոչ», – ըսաւ Պաղտասարեան։

Այս փուլին արտահերթ ընտրութիւններուն դէմ է նաեւ «Իմ քայլ»էն պատգամաւոր՝ Հովիկ Աղազարեանը։ Պատերազմը իր հետեւանքներով պարտութիւն չէ, ընդամէնը ցաւալի իրողութիւն է, Փաշինեանի խմբակիցը այս կարծիքին է։

«Ցաւալի իրողութիւն էր, որտեղ դեռ մենք շտկելու հնարաւորութիւն ունենք բանակցային գործընթացքում», – ըսաւ Աղազարեան։

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ըստ պատգամաւորին, հանրութեան լայն զանգուածները չեն պահանջեր։ Ան վրդովուած է, որ կան մարդիկ, որոնց համար դարակազմիկ իրադարձութիւն կը թուի, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդն ուՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ առաջինը կը յորդորեն Փաշինեանին հրաժարիլ։

«Ինձ բոլորովին չի թւում դարակազմիկ դրսեւորում։ Ինձ համար հոգեւոր հօր ձայնը եւ գիւղացու ձայնը նոյն արժէքն ունեն, որպէս ընտրող», – ըսաւ Հովիկ Աղազարեան։

Իշխանական այս պատգամաւորները չեն միանար ընդդիմութեան, բայց չեն բացառեր, որ իրենց խմբակցութենէն կ’ըլլան այդպիսիք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment