Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Մէջ կը Շարունակուին Ընդդիմադիրներու Բողոքի Գործողութիւնները

Երեւանի Մէջ կը Շարունակուին Ընդդիմադիրներու Բողոքի Գործողութիւնները

by MassisPost

Երեւանի մէջ կը շարունակուին ընդդիմադիրներու բողոքի գործողութիւնները՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։

Ցուցարարները երթով քաղաքի տարբեր հատուածներէն եկան եւ կեդրոնացան Ֆրանսայի հրապարակը։

Ոստիկանութիւնը քաղաքի այս հատուածին մէջ ուժեր կեդրոնացուցած է ։ Անոնք կոչ ըրած են քաղաքացիներուն՝ դուրս գալու փողոցի երթեւեկելի հատուածէն, հակառակ պարագային, ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարողներուն նկատմամբ կը կիրառուին օրէնքով սահմանուած հարկադրանքի միջոցներ։ Նշենք, որ արդէն կան ձերբակալուածներ։

Շարժումի անդամ, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան լրագրողներուն հետ զրոյցին յայտարարեց․ – «Բիրտ ուժ կիրառելը որեւէ տրամաբանութեան մէջ չի մտնում, ՀՀ քաղաքացիներն անում են օրէնքով թոյլատրուած իրենց ցոյցերը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment