Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբեր 8-ին, հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրեյսիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան վարչութիւնը:
Վարչապետը կարեւորած է հայ-ամերիկեան փոխգործակցութիւնը եւ երկկողմանի օրակարգի իրագործման ուղղութեամբ շարունակական աշխատանքը:
Համաձայն հաղորդագրութեան, զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներու շուրջ: Անդրադարձ եղած է արցախեան հակամարտութեան շուրջ զարգացումներուն եւ ստեղծուած իրավիճակին: