Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 2016 Թուականին Լուքաշենքօ Սերժ Սարգսեանին Առաջարկած Է Եօթ Շրջանները Յանձնել Հինգ Միլիառի Դիմաց

2016 Թուականին Լուքաշենքօ Սերժ Սարգսեանին Առաջարկած Է Եօթ Շրջանները Յանձնել Հինգ Միլիառի Դիմաց

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահի գրասենեակը չի հերքեր երէկ տարածուած ձայնագրութեան իսկութիւնը, այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 8-ի յայտարարութեամբ, նշելով, որ հասկնալի չէ, թէ ինչպէ՞ս 2016 թուականի Հոկտեմբեր 14-ին Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի, նեղ կազմով նախագահներու հանդիպման ոչ հրապարակային զրոյցը յայտնուած է համացանցով։

Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը ձայնագրութեան հրապարակումը ընդունած է որպէս փաստ եւ հրաժարած է մեկնաբանութիւններէն, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ փակ ձեւաչափով կատարուած նիստերը մեկնաբանման ենթակայ չեն, ինչպէս չեն եղած մինչ այժմ:

Երէկ Թելեկրամի «Բաղրամեան 26» ալիք, տեղադրուեցաւ ձայնագրութիւն մը, ուր Պելառուսի նախագահ՝ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն 2016-ին Հայաստանի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին կ’առաջարկէ Ատրպէյճանին յանձնել Լեռնային Ղարաբաղին յարակից եօթ շրջանները, առաջին փուլին հինգ միլիառ, հաւանաբար, տոլարի դիմաց, ի պատասխան Սարգսեանը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վճարել վեց միլիառ՝ եթէ Ալիեւը հրաժարի այդ շրջաններէն։

Մօտ երկու րոպէանոց, ոչ ամբողջական ձայնագրութեան մէջ Սերժ Սարգսեանը նշած է, թէ չի կրնար շրջանները յանձնել, որովհետեւ Արցախ բնակող 150 հազար հայերու անվտանգութեան հարց կայ, Լուքաշենքօն պատասխանած է, թէ կարելի է 20 հազար խաղաղապահ ուղարկել անվտանգութեան ապահովման համար։ «Ինչո՞ւ պէտք է հենց այնպէս տալ այդ տարածքները, չեմ հասկանում»,- հարցուցած է Սերժ Սարգսեան։ «Ինչպէ՞ս թէ հենց այնպէս… ինքը կը վճարէ, ինքը քեզ առաջարկած է հինգ միլիառ առաջին փուլին», – պատասխանած է Լուքաշենքօն։ Հայաստանի երրորդ նախագահը հակադարձած է, թէ պատրաստ է վճարել վեց միլիառ, եթէ Ալիեւը հրաժարի այդ եօթ շրջաններէն։

Ի վերջոյ, Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, թէ չի կրնար զիջիլ եօթ շրջանները, որովհետեւ հինգ հազար մարդ զոհուած է անոնց համար մարտերու ընթացքին։

Երեւանի մէջ չորս տարի առաջ կայացած այդ նիստին, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարները, ի վերջոյ չընդունեցին Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով յայտարարութիւն։ ՀԱՊԿ ղեկավարները չհամաձայնեցան նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի հերթական կարգով Հայաստանի ներկայացուցած թեկնածուին շուրջ եւ յետաձգեցին հարցի քննարկումը։

Թէ Հայաստանի համար, թերեւս, ամենակարեւոր հարցը քննարկելու ժամանակ, երկրի այդ ժամանակուայ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին ինչո՞ւ դրամային առաջարկ ըրած են, Ազգային ժողովի իմքայլական փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան այսօր արձագանգեց. «Կարող էի ասել, բայց չեմ ասում, որովհետեւ չեմ ուզում հիմա իրավիճակ սրել եւ չեմ ուզում գնահատականներ տալ, դուք որոշէք, ես ձեզ կարո՞ղ եմ նման առաջարկ անել: Ես ինձ նման առաջարկ թոյլ չեմ տայ, որովհետեւ դուք նոյնպէս նման առաջարկ ինձ թոյլ չէք տայ»:

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանի խօսքով՝ ձայնագրութիւնը պէտք է քննութեան առարկայ դառնայ դեռ անցեալ ամիս իրենց առաջարկած պարիտետային հաւասարիրաւական յանձնաժողովի կողմէ:

«Այնտեղ պէտք է կանչուեն եւ՛ Սերժ Սարգսեանը, եւ՛ Նիկոլ Փաշինեանը, եւ իւրաքանչիւրը պէտք է պատմեն՝ ինչ է առաջարկել Ալիեւը, որի մասին մենք չենք իմացել», – նշեց Մարուքեանը:

Քաղաքագէտ՝ Սթեոփա Սաֆարեանի հաղորդմամբ՝ նուաստացուցիչ է, որ Հայաստանի այդ ժամանակուայ ղեկավար՝ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ բանակցային գործընթացքին շեշտը դրուած է ոչ թէ անվտանգութեան կամ պատմաիրաւական կողմին, այլ փողին վրայ։

«Ես անկեղծ ասած չէի պատկերացնում, որ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը կը հաստատի դա: Այն համարել է փաստ ու ըստ այդմ հարց է ծագում՝ իսկ արդեօք անաւարտ խօսակցութեան վերջում այլ փաստեր չկա՞ն աճուրդի շարունակուած լինելու եւ այսպէս շարունակ: Սերժ Սարգսեանն անգամ չպիտի թոյլ տար Լուքաշենքոյին նման զրոյց շարունակեր, այլ ոչ թէ ինքն էլ իր հերթին գումար է առաջարկել այդ տարածքների համար: Եթէ սա փաստ է, ապա ինչքանով կարելի էր համաձայնիլ », – ըսաւ Սաֆարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment