Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Անտեսեց Ընդդիմադրութեան Պայմանաժամը Վարչապետի Հետ Եւ Դէմ Ցոյցեր Երեւանի Մէջ

Փաշինեան Անտեսեց Ընդդիմադրութեան Պայմանաժամը Վարչապետի Հետ Եւ Դէմ Ցոյցեր Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ վարչապետի հրաժարականի պահանջով փողոց դուրս ելած ընդդիմադիր ուժերը, անոնց կարգին՝ Դաշնակցութիւնը, նախկին իշխանական ՀՀԿ-ն, ԱԱԾ-ի նախկին ղեկավար՝ Արթուր Վանեցեանի ղեկավարած «Հայրենիքը», վերջնաժամկէտ տուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Դեկտեմբեր 8-ի մինչեւ կէսօր հեռանալու համար: Փաշինեան հրաժարական չտուաւ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները սկսան բողոքի հաւաքներ կատարել, ինչպէս Երեւանի մէջ, այնպէս ալ Գիւմրիի, Վանաձորի ու որոշ այլ քաղաքներու մէջ։ Ոստիկանները կը յորդորէին չխոչընդոտել երթեւեկութիւնը:

Ցուցարարները ոչ մեծ խումբերով կը շրջէին Երեւանով՝ վարչապետ Փաշինեանի դէմ ուղղուած բացականչութիւններ հնչեցնելով։

Որոշ վայրեր, ոստիկանութիւնը ուժ գործադրելով կը վերականգնէր երթեւեկութիւնը. կան բերման ենթարկուածներ: Ոստիկաններու ու ցուցարարներու միջեւ նաեւ հրմշտոց սկսած է: Վարչապետի կողմնակիցները կը պնդէին, որ պատահականօրէն յայտնուած են տարածքը եւ որեւէ սադրանքի նպատակ չեն հետապնդած․ – «Հըմի խափանել պետական մարմինների աշխատանքը հաւասար է դաւաճանութեանը։ Մեր վարչապետի կողքն ենք, ու ազգի մեծ մասը իրա կողքն ա։ Նման հաւաքները, որ անում են, դա պիտի ժողովրդի կամքը արտայայտի։ Բայց իրանք չեն արտայայտել ժողովրդի կամքը, դա ընդամէնը մի քանի տասնեակ մարդու կարծիք ա»։

Կէսօրէն յետոյ Լոռիի մարզպետարանի մուտքի մօտ հաւաքուած էին ընդդիմադիր կուսակցութիւններու տեղւոյն կառոյցներու խումբ մը ներկայացուցիչներ։ Անոնք կը ցանկային փակել աշխատակիցներու մուտքը մարզպետարան։ Ոստիկանները շարքով պատ կազմած էին մուտքի առջեւ՝ կանխելու հնարաւոր միջադէպեր։

Քիչ անց, ընդդիմադիրներու ցոյցի մասնակիցներու «Նիկոլ դաւաճան» կոչերուն փոքր-ինչ հեռուէն արձագանգած են վարչապետի կողմնակիցները եւ հրմշտոց սկսած երկու կողմերուն միջեւ։

Իշխանական «Իմ քայլ»էն Ալեն Սիմոնեան տեղի ունեցածը ազնուականներու յեղաշրջման փորձ կ’որակէ. – «Յեղափոխութիւնից յետոյ շատ ու շատ տարբեր էլիտաներ (բնական է, դա չի վերաբերում այդ բնագաւառի բոլոր ներկայացուցիչներին) կորցրել են գումար աշխատելու, ինչ-որ կոչումներ ստանալու իրենց հնարաւորութիւնը, եւ այսօր տեսնելով, որ իրավիճակը բարդ է՝ տարբեր քաղաքական ուժերի կողմից այդ էլիտաները բրդւում են առաջ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւն իշխանափոխութիւն լինի։ Բայց զաւեշտը կրկին կայանում է նրանում, որ չեն ուզում ընտրութիւններ․․․ Ինչի՞ մէկ տարի յետոյ, եկէք հիմա անենք ընտրութիւն»։

«Ազատութիւն»ի դիտարկման, որ իրենց քաղաքական ուժը որոշողն է, եւ հարցին, թէ ինչու չեն յայտարարեր, Սիմոնեան արձագանգեց․ – «Որովհետեւ դրա հետ կապուած որոշում չկայ։ Եւ ես, որպէս անձ, չեմ բացառում»։

Օրեր առաջ ընդդիմադիր 17 կուսակցութիւններու ստեղծած «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» անցումային շրջանի վարչապետի միասնական թեկնածու առաջադրած էր Վազգէն Մանուկեանը։ Ինչպէ՞ս ան պիտի ընտրուի։ Ընդդիմադիրները կ’ըսէին, երբ Փաշինեանը հեռանայ՝ օրինական ճանապարհով ԱԺ-էն ներս։

Փաշինեանին հրաժարականի կոչ յղեցին երկու կաթողիկոսները։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին երկրորդը յայտարարեց, որ հանդիպած է ու յորդորած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յանձնառութիւն ստանձնել եւ վար դնել վարչապետի լիազօրութիւնները՝ կանխելու համար ցնցումները. – «Նաեւ կոչ ենք ուղղում Ազգային ժողովին։ Մեր հայրենիքի համար այս վճռորոշ պահին գործել ամենայն պատասխանատւութեամբ, ականջալուր լինել հանրութեան լայն շրջանակների կողմից հնչող պահանջներին եւ քաղաքական ուժերի հետ համախորհուրդ ընտրել նոր վարչապետ ու ձեւաւորել ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Առաջինը, հրաժարականի կոչ ընելով, Նիկոլ Փաշինեանին յորդորեց նոր վարչապետ ընտրելու հնարաւորութիւն տալ Ազգային ժողովին․ – «Մեր սպասումն է, որ ընտրուելիք նոր վարչապետի գլխաւորութեամբ կազմուելիք համաձայնական անցումային կառավարութիւնը առաջնահերթ նկատէ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու շուտափոյթ կազմակերպումը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment