Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դարձեալ, Ազգային Արեւելում

Դարձեալ, Ազգային Արեւելում

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Երբ սկսանք գրել մեր «Արցախի Հարցը եւ Հայաստանի Պետականութիւնը» յօդուածը, մենք կը նպատակադրէինք վերլուծել նիւթը երկու մասով՝ ներքին եւ արտաքին ազդակներ ի մտի ունենալով:  Առաջին մասով անդրադառնալէ ետք ներքին ազդակներու, որոշեցինք միջանկեալ դադար մը առնել եւ գրել մեր «Աղմուկ եւ Անդորր» յօդուածը, կապուած Հայաստանի ներքին զարգացումներուն, որոնք անմիջական արդիւնքն էին Արցախեան վերջին պատերազմին մեր կրած պարտութեան: Հոն կը պարզէինք մեր տեսակէտը, որ կրքոտ, աղմկարար ու ամբոխավար մօտեցումները կործանարար հետեւանքներ կ’ունենան եւ միայն անդորր վիճակի մէջ ԼՈՒՐՋ բանավէճերու ծաւալումով կարելի կ’ըլլայ յանգիլ ԱԶԳԱՇԱՀ լուծումներու:

Հիմա, երբ լծուած ենք գրելու վերեւ նշած մեր յօդուածի երկրորդ մասը, յարմար կը տեսնենք նախ անդրադառնալ «Մասիս»ի Սեպտեմբեր 23, 1995-ի թիւով մեր լոյս ընծայած մէկ յօդուածին, որ կը կրէր «Ազգային Արեւելում» խորագիրը եւ «Անկախ Ճակատագրի Տնօրինումը Պատահականութեան Հարց Չէ, Այլ՝ Ընտրութեան: Անիկա Չի՛ Տրուիր, Այլ՝ կը Նուաճուի ու Կը Պահպանուի Արեամբ ու Քրտինքով» երկար ենթախորագիրը: Յօդուածը գրած էինք Հայաստանի Անկախութեան 4րդ տարեդարձին առթիւ: Հոնկէ կ’արտատպենք հետեւեալ բաժինները:

Մեր վերջին 300 տարուայ պատմութեան մէջ բազմիցս փորձեցինք օտարի միջոցաւ տիրանալ մեր անկախութեան: Թակեցինք Եւրոպական եւ այլ տէրութեանց դռները: Արդիւնքը եղաւ այն, որ ամէն անգամ, որ անոնք պատասխանեցին մեզի, այդ ըրին բացառապէս մեկնած իրենց շահերէն, եւ ոչ թէ մեզի օգնելու նպատակաւ:

Աւելի՛ն, օգտագործեցին մեզ, իրենց շահերը առաջ քշելու համար ու ամէն անգամուն մենք արիւնաքամ դուրս եկանք այդ փորձերէն: Մեր մէջ տակաւ զօրացաւ այն սխալ համոզումը, որ մեր փրկութիւնը պէտք է գայ դուրսէն, ուստի եւ այդ ուղղութեամբ մտածեցինք ու փրկարարներ փնտռեցինք:

Հակառակ ամէն անգամին մեր կրած վնասներուն ու Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամին, մենք չզգաստացանք: Կրեցինք մեր պատմութեան մեծագոյն կորուստը՝ Եղեռնին զոհ տալով մեր բնակչութեան կէսէն աւելին ու տեղահանուելով մեր պատմական հողերու 90%-ի վրայէն: Դարձեալ կտրուկ կերպով չվերաքննեցինք մեր ընթացքը ու շարունակեցինք խաղալիք դառնալ օտարներու ձեռքին:

Չտարուինք սին ու երազային խոստումներէ ու յոյսերէ, ուրկէ որ ալ գան ատոնք. Ո՛չ արդարութիւն հայցենք աջէն ու ձախէն եւ ո՛չ ալ յետոյ, յուսախաբ ու վիրաւոր՝ թքնենք այդ արդարութեան երեսին: Այլ՝ գիտակցինք, որ արդարութիւն ըսուածը ուղակիօրէն կապուած է մեր ուժին: Կ’ամբարե՞նք այդ ուժը՝ կը պահանջենք ու կը տիրանանք մեր իրաւունքներուն: Չե՞նք ամբարեր՝ մեր պահանջքը կը դառնայ ծիծաղելի, կը խեղճանանք ու կ’արհամարհուինք աջէն ու ձախէն:

Անցեալ դարու մեր ազատագրական պայքարը շեղեցաւ կամ շեղեցուցին իր նպատակակէտէն ու կրեցինք մեր հազարամեակներու պատմութեան մեծագոյն կորուստները: Մեր սերունդին վիճակուած է այն հազուադէպ պատմական պահը՝ սրբագրելու անցեալի սխալները եւ նոր դարաշրջան մը բանալու մեր պատմութեան մէջ: Գործե՛նք այդ գիտակցութեան պատասխանատուութեամբ:

Հարկ համարեցինք վերատպել 25 տարուան վաղեմիութիւն ունեցող վերեւի պարբերութիւնները, առաջին հերթին, անգամի մը համար եւս ուշադրութիւն հրաւիրելու կարգ մը հիմնական տուեալներու վրայ, որոնք անհրաժեշտ են ամուր պետականութեան մը կերտման համար: Երկրորդ՝ որ դժբախտաբար անգամի մը համար եւս կրկնեցինք նոյն սխալները եւ պատմական հազուադէպ պահ մը եւս փախցուցինք մեր ձեռքէն, ամրակայելու մեր պետականութիւնը:

25 օրեր անցած են Նոյեմբեր 10-էն եւ 12 օրեր մեր վերը նշած առաջին յօդուածի գրութիւնէն: Տակաւին աւելի զբաղած ենք դաւաճաններու փնտռտուքով, քան՝ մեր պարտութեան պատճառներուն լուրջ քննարկումով ու ազգաշահ ելքերու որոնումով: Աւելի զբաղած ենք օտարին հաճոյանալու մրցավազքով զիջելու այն քիչն ալ որ մնացած է մեզի, քան՝ ներքին համերաշխութեամբ մեր դիրքերը զօրացնելու: Դժբախտաբար, այս ընթացքը ցոյց կու տայ, որ մեր քաղաքական ղեկավարները տակաւին կ’առաջնորդուին իրենց անձնական եւ կուսակցական շահերով, որ երբէ՛ք շահաւէտ չէ եղած մեր ազգին համար: Իրենց այս ընթացքով անոնք մեր տունը ներսեն կը խարխլեն, անտեսելով այն հիմնական իրականութիւնը, որ արտաքինը կը կառուցուի ներքինի հիմքին վրայ եւ որքան խարխուլ է ներքինը, այնքան խղճալի կը դառնայ արտաքինը:

Դժբախտութիւնը հոն է, որ տակաւին կ’անձնականացուի, կը կուսակցականացուի ազգային ու պետական շահի գիտակցութիւնը: Քաջազնունիի բառերով, գործիքը կը սիրուի աւելի քան գործը: Սփիւռքը տառապեցաւ ու կը տառապի այս ախտէն: Նոյնը եղաւ ու կ’ըլլայ Հայստանի մէջ անկախութիւնէն ի վեր: Անձնական եւ կուսակցական շահերէ տարուած, կը քարկոծուին պետական մտածողութեան ջատագովները եւ խեղաթիւրումներու եւ վարկաբեկման արշաւներու միջոցաւ կը նսեմացուի անոնց պատգամը: Այս մտայնութիւնն է, որուն պատճառաւ Մայիս 28, 1918-ն յանգեցաւ Դեկտեմբեր 2, 1920-ի խեղճացման: Այս մտայնութիւնն է, որ Սեպտեմբեր 21, 1991-ն ու Արցախեան ազատամարտը յանգեցուց այսօրուան նուաստացման:

Արդեօ՞ք չենք տեսնէր, որ ուր կ’առաջնորդէ այս շարունակուող գզվռտուքը: Ժողովուրդի տրամադրութեանց անկում, յուսահատութիւն, ընկճուածութիւն, եւ հուսկ՝ արտագաղթ: Ժողովրդավարութեան գաղափարի վարկաբեկում, ինքնավստահութեան անկում, անտարբերութիւն, եւ հուսկ՝ ներքին թէ օտար բռնատիրութիւն: Եւ Հայաստանի անկախ պետութւինը դարձեալ կը դառնայ երազ:

Օգոստոս 1, 2013-ի արեւածագին, Արարատ լեռան գագաթը հասնելնես եւ Եղեռնին զոհ գացած անգերեզման մեծ հօրս եւ մեծ մօրս նկարները խորհրդանշականօրէն «թաղելէ» ետք սառոյցին տակ, իջանք եւ այցելեցինք Վան, Աղթամար, Կարս եւ Անի՝ կորուսեալ հայրենիք: Ապա անցանք Հայաստան՝ անկախ հայրենիք ու բարձրացանք Արագած լեռան գագաթը: Լոս Անջելըս մեր վերադարձէն ետք, «Մասիս»ի Սեպտեմբեր 7, 2013-ի թիւով հրատարակեցինք մեր խորհրդածութիւնները, «Ի՞նչ Ընել» խորագրով եւ «Որպէսզի Իրականութիւնը Երազ Չդառնայ» ենթախորագրով յօդուածով: Հոն կը նշէինք, որ «Արարատի գագաթը նուաճած ըլլալու ապրումներէս աւելի, այս պահուն իմ մէջ կը գերակշռեն համազգային մտահոգութիւններ, որոնք պարտք կը զգամ բաժնել ընթերցողներուս հետ:» Կը մատնանշէինք ըստ մեզի Հայաստանի մէջ տիրող ահազանգային վիճակը, «որու ահաւորութիւնը պէտք է մտահոգէ ամէն մէկ սրտցաւ հայ, ընթացք տալու համազգային հրապարակային անկեղծ ու անշահախնդիր քննարկումներու եւ բոլորս մղէ լուծման եղանակներու եւ դարմաններու անմիջական որոնման:» Մեր յօդուածը կ’աւարտէինք հետեւեալ պարբերութեամբ. «Գերեալ Արարատի եւ Արեւմտեան Հայաստանի ճակատագիրը պէտք է զգաստացնէ մեզ, անյապաղ դիմելու գործնական քայլերու, ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ՉԴԱՌՆԱՅ ԵՐԱԶ:»

Կասկած չկայ, որ մեր ստացած հարուածը ահաւոր է, բայց ոչ մահացու, եթէ զգաստանանք եւ վերջապէս առաջնորդուինք պետական շահի գիտակցութեամբ: Եթէ գործե՛նք Չարենցեան պատգամով: Որ ինքնաբերաբար պիտի նպաստէ ներքին համերաշխութեան գոյացման, որ իր հերթին իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ արտաքին ճակատի վրայ ընթացող զարգացումներուն մէջ յաջողութիւններու հասնելու մեր հաւանականութեանց:

Եկէք փորձենք այսպիսի հաշուարկ մը կատարել, մեղմելու համար մեր կորուստի պատճառած ճնշուածութիւնը եւ սառը դատողութեամբ ճշտելու պայքարի նոր մեկնակէտ մը:

Սովետական Միութեան կազմաքանդման ժամանակ կար Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը-ԼՂԻՄ, մօտ 4200 քառ. քլմ. տարածութեամբ եւ 160,000 բնակչութեամբ, որուն 80 տոկոսը հայ էր, իսկ մնացեալ 20 տոկոսը ազերի, որոնք մեծամասնութեամբ կը բնակէին Շուշիի մէջ եւ կը կազմէին քաղաքի բնակչութեան 90 տոկոսը: ԼՂԻՄ-ը սահմանային կապ չունէր Հայաստանի հետ: Հիմա ձեռքերնիս մնացած է մօտ 2500 քառ. քլմ. տարածութիւն, առանց գլխաւորաբար Շուշիի եւ Հադրութի, բայց կապուած Հայաստանի հետ:

Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող Ղարաբաղը հիմա կարելի է Ռուսական տարածք նկատել, որ աւելի մեր հաշւոյն է, քան՝ Ազրպէյճանի:

Ազրպէյճան շատ բան զիջած է իր գերիշխանութիւնէն, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ ահաբեկիչներու իր հողին վրայ հաստատումին պատճառաւ: Այս համեմատութեամբ, մենք տակաւին Ազրպէյճանէն լաւ ենք, եթէ ներքին գզվռտուքով մեր վիճակը աւելի չխեղճացնենք:

Ազրպէյճանի մենատիրական վարչակարգը խախուտ է, ներքին փոքրամասնութիւնները հանդարտ չեն, քարիւղի ազդակի արժեզրկման եւ գինի անկման պատճառաւ մօտիկ ապագային երկրին կը սպասեն տնտեսական եւ քաղաքական ցնցումներ: Այս կէտերը մեզ պէտք է մղեն չապակայունացնելու մեր ներքին իրավիճակը եւ իրարհասկացողութեամբ զարգացնելու մեր երկիրը ու պատրաստուիլ օգուտ քաղելու Ազրպէյճանի գալիք հաւանական տագնապներէն:

ԵԱՀԿ, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ կը ջանան «մտնել» Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, հակակշռելու Ռուսական առաւելութիւնը եւ խնդրի լուծման գործընթացը վերադարձնելու ԵԱՀԿ-ի իրաւասութեանց շրջանակ: Ջանք պէտք չէ խնայել որքան կարելի է օգտուելու համար այս պատեհութիւնէն:

Պատերազմը բացայայտեց, որ անոր մղիչ ուժը Ազրպէյճանը չէր, այլ՝ Թուրքիան, յանձինս Էրտողանի, որ քանի մը տարիներէ ի վեր արկածախնդրութիւններու արշաւի մը ձեռնարկած է, երկրէն ներս խմորուող վտանգները ժողովուրդի ուշադրութիւնէն վրիպեցնելու համար: Ասիկա չկրնար երկար տեւել եւ պիտի յանգի պայթումի: Մանաւանդ Ռուսիա եւ Իրան շահագրգռուած են այդ պայթումով, որմէ կրնանք օգտուիլ նաեւ մենք:

Կը տեսնէ՞ք, որ իրավիճակը այդքան ալ յուսահատական չէ, ԵԹԷ անդորր եւ սթափ մտքեր գերակշռեն: ԵԹԷ՝ առաջնորդուինք ազգային շահի տեսլականով: Դժբախտաբար, այն ինչ որ առայժմ կը տեսնենք, մտահոգիչ է: Փոխան զգօնութեան կոչերու, կրքեր կը հրահրուին: Փոխան բանական երկխօսութեան, ամբոխավարական ժխոր կը ստեղծուի: Փոխան արժանապատիւ  մօտեցումներու, բացէ ի բաց առնետավազք կը քաջալերուի: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել օրինակ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Արծուիկ Մինասեանի կոչը «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւորներուն. «Պատգամաւորների էական մասը զգալու է վտանգը, որ յայտնուելու է պատմութեան աղբանոցում, եւ ընտրելու է արժանապատիւ ուղին: Միակ ելքը մանդատը պահելով՝ խմբակցութիւնից դուրս գալն ու Վազգէն Մանուկեանի օգտին քուէարկելն է: Նրանք ինչ-որ ծրագրեր ունէին՝ բարձր աշխատավարձ եւայլն, նրանք աւելին կը ստանան, եթէ այսօր որոշեն պաշտպանել հայրենիքը:» Մինասեաններու կուսակցութիւնը, որ ժողովրդավար ընտրութեամբ հազիւ 4 տոկոս քուէներ կրցաւ ապահովել, կոչ կ’ուղէ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէներով ընտրուած պատգամաւորներուն, որ չյայտնուելու համար «պատմութեան աղբանոցում», «ընտրելու արժանապատիւ ուղին» եւ «մանդատը (լիազօրութիւնները) պահելով» ու «աւելի աշխատավարձով» անցնելու Վազգէն Մանուկեանի կողմը: Մինասեանները վստահ չեն, որ արդար ընտրութիւններով իրենք կրնան արժանանալ «մանդատ»ի ու անոր համար կ’ուզեն, որ «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւորները չհրաժարին իրենց «մանդատ»էն, այլ հետերնին բերեն, եւ փոխան աւելի աշխատավարձի, աշխատին նոր տէրերու: Ըստ Մինասեաններու, այսպէս կ’ըլլայ «արժանապատիւ մօտեցում»ը՝ նիւթական շահի դիմաց ծախել գաղափարդ: Եւ այդպիսով որոշած կ’ըլլաս «պաշտպանել հայրենիքդ»: Անհաւատալի, բայց իրաւ: Մեր ժողովուրդը տեսաւ, որ ովքե՞ր յայտնուեցան «պատմութեան աղբանոցում», երբ կազմակերպեցին Հոկտեմբեր 27 եւ անոր յաջորդած առնետավազքն ու 20 տարիներու բռնատիրութիւնը:

22 տարիներ առաջ, Մինասեաններու պիտակաւորած «դաւաճան»ը այսօր ի պատուի է դէպքերը կանխատեսելու եւ հնարաւոր լուծումներ առաջարկելուն համար: Մինասեանները փոխանակ սթափելու, կը շարունակէն աղմկել եւ «հայրենիքի պաշտպան»ի շղարշին տակ դարձեալ վտանգել անոր գոյութիւնը: Այս անգամ պէտք չէ՛ թոյլ տալ, որ պատմութիւնը կրկնուի: Զգստանա՛նք, որ ազգովին չյայտնուինք «պատմութեան աղբանոցում»:

Ինչպէս պարզեցինք, մենք մտահոգ ենք, բայց ոչ յոռետես: Մտահոգ՝ որ աղէտի պատճառած անմիջական ցաւը ժամանակաւորապէս կը մթագնէ անոր դրդապատճառները տեսնելու մեր ժողովուրդի կարողութիւնը: Մտահոգ՝ որ ժողովուրդի առաջնորդները, փոխանակ լուսաբանելու զանգուածները ճիշտ ախտաճանաչմամբ  համապատասխան ելքերը որոնելու, կրքերու հրահրումով կը պղտորեն ջուրերը, իրենց ձուկը որսալու համար: Մտահոգ՝ որ չարաշահելով այս վիճակը, ամբողջ 20 տարի Հայաստանը կեղեքողները եւ տկարացնողները, անգամի մը համար եւս լախտի հարուած մը կը հասցնեն մեր պետականութեան, ինչպէս ըրին Հոկտեմբեր 27-ով: Մտահոգ՝ որ հզօր Հայաստան եւ արժանապատիւ ապագայ կերտելու անհրաժեշտ ապաւէնները՝ ժողովրդավարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը տեղի կու տան մենատիրութեան ու եղծանման, ինչպէս պատահեցաւ Քոչարեան/Սարգսեան իշխանութեան տարիներուն:

Բայց յոռետես չենք, որովհետեւ գիտենք, որ պիտի յաղթահարենք այս տագնապն ալ: Պարզապէս ցաւ կը զգանք ու կ’ափսոսանք, որ ամէն անգամ երբ մեզի պատմական առիթ մը կը ներկայանայ, համախմբուելու  եւ միասնական ուժերով մեր անկատար երազներէն մին եւս իրականացնելու, դժբախտաբար կ’ունենանք մեր տունը ներսէն քանդողներ եւ մեր յառաջխաղացքը դանդաղեցնողներ: Յոռետես չենք, որովհետեւ մեր կրած կորուստներուն ի տես, մենք կը տեսնենք արթնացումը ժողովրդային լայն խաւերու, մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ, որ կը գիտակցի այս մտայնութեան քայքայիչ յատկութեան եւ հետեւանքներուն: Յոռետես չենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պայծառ ապագայի մը կերտման հաւաստիքներն են. շինիչ բանականութիւնը եւ ոչ թէ կործանիչ  ամբոխավարական մոլուցքը. ազգային շահը եւ ոչ թէ ամէն տեսակի հատուածական շահերը. ժողովրդավարական սկզբունքները եւ ոչ թէ մենատիրութիւնը. օրէնքի  գերակայութիւնը եւ ոչ թէ եղծն ու անօրինութիւնը: Ընտրե՛նք այդ ճանապարհը, տնօրինելու համար մեր անկախ ճակատագիրը եւ իրականացնելու համար մեր երազները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment