Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մի Շարք ՏԻՄ Ղեկավարներ Կը Պարտադրեն, Որ Աշխատակիցները Մասնակցին Հաւաքներուն․ ԱԱԾ

Մի Շարք ՏԻՄ Ղեկավարներ Կը Պարտադրեն, Որ Աշխատակիցները Մասնակցին Հաւաքներուն․ ԱԱԾ

by MassisPost

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «ստացուած տեղեկութիւնների համաձայն՝ մի շարք իրաւաբանական անձինք, տեղական ինքնակառավարման մարմինների (ՏԻՄ) ղեկավար պաշտօնեաներ ենթակայ աշխատակիցներին  համոզելու, նիւթապէս շահագրգռելու, իսկ որոշ դէպքերում՝ նաեւ աշխատանքից ազատելու սպառնալիքով պարտադրում են մասնակցել Հայաստանի Հանրապետութիւնում կազմակերպուած հաւաքներին»:

Այդ կապակցութեամբ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կոչ կ’ընէ տուրք չտալու գործատուներու նման անօրինական պահանջներուն եւ կը տեղեկացնէ, որ «Հաւաքներու ազատութեան մասին» ՀՀ օրէնքի 6-րդ յօդուածին համաձայն՝ ոչ ոք իրաւունք ունի պարտադրելու անձի մը մասնակցելու որեւէ հաւաքի կամ խոչընդոտելու անոր մասնակցութիւնը որեւէ հաւաքի։

Միեւնոյն ժամանակ, կը յայտնուի, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ եւ միջազգային պայմանագիրներով սահմանուած հաւաք կազմակերպելու եւ հաւաքին մասնակցելու իրաւունքի ապահովումը բացառապէս անձի ազատ կամ արտայայտութեան պայմաններուն, իսկ այդ հաւաքներուն մասնակցելուն պարտադրելու բոլոր դէպքերը պիտի յայտնաբերուին, իսկ խախտումներ թոյլ տուած անձանց նկատմամբ պիտի նախաձեռնուին պատասխանատւութեան խիստ միջոցներ:

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ ներկայիս առկայ են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ զանգուածային անկարգութիւններու կազմակերպման եւ իրականացման իրական վտանգներ, ուստի կրկին անգամ կը յորդորէ տուրք չտալու հնարաւոր սադրանքներուն, ցուցաբերելու քաղաքացիական բարձր պատասխանատւութիւն, զերծ մնալու հանրութեան մէջ ատելութիւն, թշնամանք տարածելու, հրապարակային ելոյթներով բռնութիւն գործադրելու կոչեր կամ որպէս բռնութիւն ընկալուող արտայայտութիւններ հնչեցնելու անթոյլատրելի գործելաոճէն, որոնք իրական նախադրեալներ կարող են ստեղծել երկրի ներքին անվտանգութեան խաթարման կամ այլ յանցաւոր դրսեւորումներու կատարման համար, ուստի կը զգուշացուի, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պիտի ձեռնարկէ օրէնքով նախատեսուած գործուն միջոցներ՝ հասարակական անվտանգութիւնն ապահովելու, պետութեան եւ քաղաքացիներու իրաւունքներն ու օրինական շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ՝ չէզոքացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին անվտանգութիւնը ապակայունացնող ցանկացած տեսակի գործողութիւն:

Կը յայտնուի, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը լիարժէք կը տիրապետէ օփերաթիւ իրավիճակին եւ հետեւողական պայքար պիտի տանի սահմանադրական կարգի հիմունքներու եւ պետութեան  անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխման, խափանման եւ անոնց բացայայտման ուղղութեամբ՝ հասարակութեան լայն շերտերուն կոչ ընելով դրսեւորելու բացառապէս իրաւահպատակ վարքագիծ եւ տուրք չտալու անձնական կամ քաղաքական նեղ մղումներով պայմանաւորուած, երկրի ներքին անվտանգութիւնը ապակայունացնող  սադրիչ կոչերուն ու յորդորներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment