Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար. «Մենք Հայաստանի Հողերուն Վրայ Աչք Չունինք»

Թուրքիոյ ԱԳ Նախարար. «Մենք Հայաստանի Հողերուն Վրայ Աչք Չունինք»

by MassisPost

Դեկտեմբեր 7-ին, Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանէն ներս տեղի ունեցած է Միջազգային համալսարաններու խորհուրդի կազմակերպած Արեւելեան Միջերկրականի աշխատաժողովը, որուն մանակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը։

Ան անդրադարձած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած խնդիրներուն: Չաւուշօղլուի դիտարկմամբ՝ տարածաշրջանային բոլոր խնդիրներու հիմնական պատճառը կիսել չիմանալն է եւ կիսելու փոխարէն ամբողջը վերցնելու փորձը:

«Նայեցէ՛ք Կովկասին: Կովկասի կայունութենէն եւ տնտեսական զարգացումէն օգտուելու փոխարէն, Հայաստանի պատճառով, որ կը ցանկար շարունակել Ատրպէյճանի տարածքներու գրաւումը, ինչպէս նաեւ միջազգային համակարգի պատճառով, որ կողմ չէր դիւանագիտական ճանապարհով լուծման, խնդիրը շարունակուեցաւ շուրջ 30 տարի»,-ըսած է Չաւուշօղլուն:

Չաւուշօղլուն, այնուհետեւ անդրադառնալով Թուրքիոյ « բազմակողմանի քաղաքականութեան եւ բոլոր ուղիներով խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններուն», ըսած է.

«Այնպիսի ընկալում չունինք, թէ Լիպիոյ հարցով ռազմադաշտին վրայ եւ բանակցային սեղանին ուժեղ ենք: Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժեղ ենք եւ ամբողջը մենք կ’ուզենք: Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք: Հիմա ալ կ’ըսենք, որ այս կարգաւորումը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի օգտին: Այդ իսկ պատճառով, մենք կողմ ենք արդար բաժանման (կիսելուն): Մենք ուժեղ ենք թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ իրաւական առումով եւ մեր այդ ուժը առաջիկայ գործընթացին պիտի շարունակենք կիրառել ի օգուտ բոլորին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment