Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Ընթացքին Հանգանակուած Է $22,990,898

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնի Ընթացքին Հանգանակուած Է $22,990,898

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 23-րդ համազգային դրամահաւաք-հեռատեսիլային մարաթոնին, որ կատարուեցաւ Լոս-Անճըլըսի մէջ «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատ» խորագրով, հանգանակուած է 22 միլիոն 990 հազար 898 տոլար:

Մարաթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ՝ աւանդական 12 ժամուայ փոխարէն՝ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուար իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու յիշատակը, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Արցախում եւ Հայաստանում տիրող իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւններն ուղղուելու են Արցախից տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորների ընտանիքների աջակցմանը: Նպատակն է ֆինանսապէս աջակցել այս ընտանիքներին, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաների պատշաճ կրթութիւնը», – նշած է ԱՄՆ-ի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ՝ Մարիա Մեհրանեան:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Սեպտեմբեր 27-էն ԱՄՆ-ի հայ համայնքը ամէնէն աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած է հայրենիքի փրկութեան համար կազմակերպուած դրամահաւաքին եւ մինչեւ մարաթոնը արդէն իսկ 80 մլն ԱՄՆ տոլարի նուիրաբերութիւն կատարած էր, իսկ Նոյեմբեր 22-ին սկսած Ֆրանսական հեռախօսամարաթոնի ծիրէն ներս արդէն հանգանակուած էր շուրջ 3 միլիոն 132 հազար տոլար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment