Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Մէջ 95 Տոկոսով Վերականգնուած Է Ելեկտրական եւ Կազի Մատակարարումը

Ստեփանակերտի Մէջ 95 Տոկոսով Վերականգնուած Է Ելեկտրական եւ Կազի Մատակարարումը

by MassisPost

Ստեփանակերտի մէջ ելեկտրական եւ կազի մատակարարումը վերականգնուած է 95 տոկոսով, ռուս խաղաղապահներու օժանդակութեամբ, կը հաղորդէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Քաղաքի ելեկտրական եւ կազի մատակարարումը վերականգնուած է 95-97 տոկոսով: Քաղաքի ելեկտրական ենթակայանը վերականգնուած է: Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ականազերծման գործողութիւններու միջազգային կեդրոնի զինծառայողները ուսումնասիրած են պայթուցիկներու առկայութիւնը վերանորոգման եւ վերականգնման աշխատանքներու վայրերուն մէջ, ներառեալ երկու դպրոցներու շէնքերը, ուր ուսումնական գործընթացքը մօտ ժամանակներուն կը վերսկսուի », – ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ, Ստեփանակերտի մէջ վերականգնուած էր հասարակական փոխադրամիջոցի աշխատանքը եւ կարգաւորուած երթեւեկութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment