Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահը կը Կրկնէ Արտահերթ Ընտրութիւններու Առաջարկը

Նախագահը կը Կրկնէ Արտահերթ Ընտրութիւններու Առաջարկը

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է, որ իր ներկայացուցած առաջարկները ոչ թէ ուղղակի օդէն վերցուած այս պահու առաջարկներ են, այլ երկար ժամանակ մտածուած:

Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին, նախագահը ընդգծած է, թէ Հայաստանը խորհրդարանական երկիր է եւ եթէ ճգնաժամեր կան, ապա լուծումները բաւականին պարզ են եւ յստակ. վաղաժամկէտ ընտրութիւններ տեղի պէտք է ունենան:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ, նախագահը արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու առաջարկ ըրաւ, յայտարարելով, որ հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն արժանապատւօրէն յաղթահարելու հրամայականը, ականջալուր ըլլալով հանրային պահանջին, ակնյայտ է, որ երկիրը ցնցումներէն զերծ պահելու համար ի վերջոյ անխուսափելի են Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները:

«Ընտրութիւնները 2 տարի առաջ են եղել, այսօրուայ իշխանութիւնն Ազգային ժողովում եւ կառավարութիւնում այդ մանտաթը ստացել է 2 տարի առաջ: 2 տարի առաջուայ Հայաստանը եւ այսօրուայ Հայաստանը տարբեր են: Չեմ ասում նորից մանտաթ կը ստանան, թէ չէ: Ժողովուրդը կ’որոշի: Բայց սովորութիւն է, որ պէտք է նորից յետ գնաս մանտաթդ թարմացնես, ինչից յետոյ լրացուցիչ 4-5 տարի ունես, այլ ոչ թէ մնացած 2-3-ը: Երկրորդը՝ ընդդիմութիւնն փողոցից պէտք է գնայ մասնակցի ընտրութիւնների: Եւ, ի հարկէ, այդ ժամանակի ընթացքում պէտք է լինի կառավարութիւն, որին շատերը պէտք է վստահեն, կամ ազգային համաձայնութեան, կամ  մասնագէտներու, ինչպէս ուզում էք անուանէք», – ըսած է նախագահը:

Սարգսեանի խօսքով՝ պէտք է յստակ ծրագիր մը, որ դրուած ըլլայ սեղանին նոյն ժամանակաւոր կառավարութեան համար։

«Իմ դէպքում ճանապարհային քարտէզը նախ եւ առաջ վերլուծական  հիմունք ունի, այն գրուած է, պատրաստ է: Դա այն է, ինչ մինչ օրս սխալ ենք արել, երբ փոխանակ ինսթիթութ կառուցենք, անձ ենք փնտռել, փրկիչ: Երկրորդը վերլուծութիւնն է այսօրուայ տնտեսական, քաղաքական, միջազգային յարաբերութիւնների, մասնաւորապէս տարածաշրջանային քաղաքականութեան, եւ այսպէս ասած ուղեցոյց է, թէ ուր է գնում աշխարհը, եւ ուր ենք գնում մենք: Դրանից յետոյ ճանապարհային քարտէզն է: Դրանք յստակ առաջադրանքներն են յստակ ուղղութիւններով: Եւ ժամկէտներով, այսինքն՝ այսքան ժամանակում սա պէտք է արուի, յետոյ նա, եթէ չհասցնենք, ինչ պէտք է անենք եւ այլն: Դա, ի հարկէ, պէտք է համաձայնեցուի», – ըսած է նախագահը:

Սարգսեանի խօսքով՝ ինքը ստեղծած է փաստաթուղթ բանակցողներուն համար, զոր ընդունին որպէս հիմք, ջնջեն, աւելցնեն, ինչ կ’ուզեն ընեն:

«Եւ եթէ համաձայնեցուած փաստաթուղթ կայ, դրա շուրջ կարող ես ունենալ կառավարութիւն, որը կարիք չի ունենայ քաղաքական առաջնորդութեան: Հանրապետութեան նախագահը, Ազգային ժողովը, նախարարը կ’ունենան իրենց առջեւ դրուած յստակ ծրագիր: Կառավարութիւնը կ’ունենայ յստակ ծրագիր, թէ այսօրուանից սկսած մէկ տարի ինչով է զբաղւում մինչեւ նոր ընտրութիւններ», – ըսած է նախագահը:

Արմէն Սարգսեան նաեւ բնական եւ անհրաժեշտ համարած է նոր ընտրութիւններէն առաջ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները, որպէսզի մարդ, ինչպէս նախագահը  նշած է, անկախ թէ կ’ապրի Երեւան, թէ գիւղ, իմանայ՝ ով է իր պատգամաւորը եւ այդ պատգամաւորին կանչի պատասխանատւութիւնը:

Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու կարիք եւս կայ, ըսած է Արմէն Սարգսեան նշելով, որ գործող Սահմանադրութեան մէջ հաւասարակշռութեան եւ զսպումներու մեքենականութիւններ չկան, եւ այդ շատ վտանգաւոր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment