Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստան եւ Արցախ Կ’ողջունեն Ֆրանսայի Սենատի Որոշումը

Հայաստան եւ Արցախ Կ’ողջունեն Ֆրանսայի Սենատի Որոշումը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը «պատմական» որակած է Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին Ֆրանսայի Սենատի երէկ՝ Նոյեմբեր 25-ին ընդունած բանաձեւը։ «Արցախի միջազգային ճանաչումը մտնում է միջազգային օրակարգ», – իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Նիկոլ Փաշինեան։

305 կողմ, մէկ դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի ընդունած բանաձեւը կառավարութեան կոչ կ’ընէ ճանաչելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Խորհրդատուական բնոյթ կրող բանաձեւի ընդունումը ողջունած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ այն եւս պատմական որակելով ու ծերակուտականներուն երախտագիտութիւն յայտնելով։ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յոյս կը յայտնէ, որ Սենատի այս որոշման կը յաջորդեն նոյն բնոյթի բանաձեւերու ընդունումը Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս, նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաձեւի ընդունումը կարեւորագոյն քայլ կը համարէ Արցախի ժողովուրդի կողմէ իրականացուած ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ հիմնահարցի արդարացի լուծման ուղղութեամբ: Նախարարութիւնը յատկապէս կարեւորութիւն կու տայ բանաձեւին մէջ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ միջազգային իրաւունքի ու մարդու իրաւունքներու նորմերու խախտումներու եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան արձանագրումը։

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Պետական իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Վլատիմիր Վարդանեանի խօսքով՝ բանաձեւի ընդունումը կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացքի շարունակականութեան մասին։

«Բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի, բանակցային գործընթացը վստահուած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանակներում ձեւաւորուած Մինսքի խումբի համանախագահութեանը եւ բանակցութիւններն ու գործընթացները պէտք է շարունակուեն: Երէկ Ֆրանսայի Սենատում տեղի ունեցածը եւ բանաձեւի ընդունումը եւս վկայում է նրա մասին, որ գործընթացը դեռ շարունակական է», – ըսաւ Վարդանեան:

Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան կ’ողջունէ բանաձեւի ընդունումը, սակայն հարցեր ունի. «Արցախի ճանաչումն ի՞նչ սահմաններով պէտք է ճանաչուի, Արցախն ունի Սահմանադրութիւն, որի մէջ են մտնում այն բոլոր տարածքները, որը Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութեամբ հիմա յանձնուել են կամ գրաւուել են: Այսինքն այդ ի՞նչ տարածքով է դա, հետեւաբար այդ բանաձեւը կարող է խթան հանդիսանալ, որ տարբեր խորհրդարաններ, սենատներ բանաձեւն ընդունեն, բայց ես, որ դրանից ակնկալիք ունենամ, օրինակ, ինձ երէկ գիշերը զանգել ասում են՝ Բերձորի 5 քմ-ն կարո՞ղ է լայնանալ, թէ չէ, չգիտեմ, ինձ թւում է՝ չէ»:

Ֆրանսայի Ծերակոյտի ընդունած բանաձեւը խորհրդատուական բնոյթ ունի, կառավարութիւնը պարտաւոր չէ հետեւիլ անոր եւ ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց պետական քարտուղար՝ Ժան Պաթիսթ Լեմուանը, արձագանգելով այս բանաձեւին, յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան միակողմանի ճանաչումը օգտակար չէ ոչ Հայաստանին, ոչ Ղարաբաղի ժողովուրդի համար, ոչ ալ Ֆրանսային։ Ըստ պետական քարտուղարին, Արցախի ճանաչումը կը խոչընդոտէ խաղաղ գործընթացը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment