Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Օրէնսդիրներն Ու Ծերակուտականները կը Բարձրացնեն ԼՂ Անկախութեան Ճանաչման Հարցը

Ֆրանսայի Օրէնսդիրներն Ու Ծերակուտականները կը Բարձրացնեն ԼՂ Անկախութեան Ճանաչման Հարցը

by MassisPost

Ֆրանսայի մէջ քաղաքական մեծամասնութիւն ներկայացնող` Մաքրոնի «Առաջ հանրապետութիւն» կուսակցութեան պատգամաւորները եւ Ծերակոյտի հանրապետականներու, դեմոկրատներու, առաջադիմականներու եւ անկախներու խմբակցութիւնը կ’առաջարկեն քննել Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը Մինսքի խումբի բանակցութիւններու ծիրէն ներս` հակամարտութեան տեւական լուծման նպատակով, կը հաղորդէ «Արմէնիուս» կայքը: Արդէն յայտարարուած էր Ծերակոյտի 2 գլխաւոր քաղաքական բաղկացուցիչներու կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւը Նոյեմբեր 25-ին Ծերակոյտի օրակարգ բերելու մասին:

Կարծիքներ կը հնչեն, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ Ծերակոյտի կողմէն այն կարող է ընդունուիլ:

Պատգամաւորներն ու ծերակուտականները այսօրուայ՝ Նոյեմբեր 23-ի իրենց հաղորդագրութեամբ նաեւ խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Սեպտեմբեր 27-ին սկսած յարձակումը, Թուրքիոյ եւ վարձկաններու մասնակցութիւնը այդ պատերազմին եւ կոչ ըրած են կողմերուն, ներառեալ` Թուրքիոյ, զերծ մնալու միջամտութենէն եւ ռազմական գործողութիւններէն:

Այդ կայքը տեղադրուած հաղորդագրութիւնը ներկայացուցած է նաեւ խորհրդարանականներու սպասելիքները Մինսքի խումբի՝ Ֆրանսայէն` իբրեւ համանախագահ երկիր: Այդ քայլերը բաժանուած են քանի մը բնագաւառի` միջազգային արդարադատութիւն, օրինակ, միջազգային պատժիչ դատարանի առջեւ քննելու պատերազմին տեղի ունեցած ոճիրները, մարդկային, միջազգային իրաւունքի ոտնահարումը, արգիլուած զէնքերու օգտագործումը քաղաքացիական բնակչութեան հանդէպ: Երկրորդը՝ անվտանգութեան ապահովումն է, որու համար խորհրդարանականները հանդիսաւոր դիմած են Մինսքի խումբին, որպէսզի իր հերթին ալ վերջինս դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին` ապահովելու Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը, միեւնոյն ժամանակ քաջալերելով Ֆրանսան ներգրաւուելու հրադադարի հսկողութեան եւ խաղաղութեան պահպանման յատուկ կեդրոնի աշխատանքներուն:

Հաղորդագրութեան մէջ յատուկ կէտեր կան նաեւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու, տեղահանուածներու վերադարձի համար անվտանգութեան պայմաններ ապահովելու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ: Անդրադառնալով քաղաքական եւ դիւանագիտական բնագաւառին` պատգամաւորները եւ ծերակուտականները նշած են, թէ տեւական խաղաղութեան հաստատման նպատակով իրենք պիտի ներկայացնեն Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցը նոյն ձեւակերպմամբ թէ Ազգային ժողովի, եւ թէ Ծերակոյտի մէջ:

Ֆրանսայի կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան առաջին օդանաւը այսօր կը ժամանէ Երեւան, երկրորդը` Նոյեմբեր 27-ին: Մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու մասին այսօր յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը, որ այցելած է «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղ` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած բնակչութեան օգնութեան համար կազմակերպուող դրամահաւաք – հեռախօսամարաթոնին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment