Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիկոլ Փաշինեան Շեշտած է Պատերազմէն Յետոյ Ներդրումներու Անհրաժեշտութիւնը

Նիկոլ Փաշինեան Շեշտած է Պատերազմէն Յետոյ Ներդրումներու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռազմական գործողութիւններու դադարէն յետոյ առաջին անգամ այսօր՝ Նոեմբեր 23-ին հիւրընկալած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը: Քննարկած են Արցախի բնականոն կեանքը վերականգնելու, արցախցիներու վերադարձը ապահովելու եւ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու, զոհուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիներու ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ստացած զինուորներու եւ քաղաքացիներու ընկերային երաշխիքները ապահովելու, ինչպէս նաեւ հնարաւորինս արագ անհետ կորածներու ճակատագիրները պարզելու հարցերը։

Փաշինեան խօսած է նաեւ այս պահուն ներդրումներու կարեւորութեան մասին. «Ի հարկէ, պատերազմից յետոյ մեծ ներդրումների անհրաժեշտութիւն ունեն թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը, եւ մենք պէտք է նաեւ համատեղ աշխատենք այդ ներդրումներն ապահովելու ուղղութեամբ»:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով՝ հոսքը դէպի Արցախ բաւականին մեծ քայլերով կ’ընթանայ, սակայն կան խնդիրներ ճանապարհներու անվտանգութեան հետ կապուած։ Այդուհանդերձ, ըստ Յարութիւնեանին` միայն 5 օրուայ ընթացքին 25 հազար մարդ վերադարձած է տուն։ Արցախի նախագահը ընդգծած է, թէ եղանակները կը ցրտեն, ու համայնային ծախսերը աւելի կը մեծնան, ուստի Երեւանի մէջ ստեղծուած օփերատիւ շտապի միջոցով կը փորձեն փոխհատուցել համայնային որոշ ծախսեր, նաեւ Հայաստանի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք հիւրընկալած են արցախցիները իրենց հիւրանոցները կամ այլ կառոյցները. «Ծրագրում ենք առաջին փուլում իրականացնել մեր այն հայրենակիցների տեղափոխումը Արցախ, ովքեր ունեն մնալու հնարաւորութիւն, իսկ նրանք, ովքեր զրկուել են, կը տեղափոխուեն փուլային տարբերակով, որպէսզի կարողանանք եւ՛ տեղաւորել, եւ՛ ընթացքում լուծել ընկերային խնդիրները»:

Կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ` Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած համայնքներուն մէջ հաշւառուած քաղաքացիներու աջակցութեան միջոցառումը: Ընկերային աջակցութիւն պիտի տրամադրուի միանուագ դրամական օգնութեան ձեւով՝ իւրաքանչիւր շահառուի համար 300 հազար դրամ։

Միջոցառման շահառու հանդիսացող անչափահաս երեխաներուն միանուագ դրամական օգնութիւնը պիտի տրամադրուի ծնողին, եթէ երեխայի ծնողը կը հանդիսանայ ծրագրի շահառու: Այս միջոցառումէն օգտուելու համար դիմումը պէտք է ներկայացուի էլեկտրոնային եղանակով՝ մինչեւ Դեկտեմբեր 20-ը: Ի դէպ, ծրագիրը պիտի կատարուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն կառավարութեան նուիրաբերուած միջոցներով:

Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթի խօսքով՝ Մաքրոն յայտարարած է, որ այսօր Երեւան կը ժամանէ Ֆրանսայի կառավարութեան մարդասիրական օգնութիւնը տեղափոխող առաջին օդանաւը։ Երկրորդ ինքնաթիռը կը ժամանէ Նոյեմբեր 27-ին։

Նկատենք, որ երէկ՝ երեւանեան այցի ժամանակ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, որ Վլատիմիր Փութինի կարգադրութեամբ կը ստեղծուի մարդասիրական արձագանգման միջգերատեսչական կեդրոն, որ շուտով պիտի օգնէ լուծելու բնակչութեան մարդասիրական հարցերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment