Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Արտաքին Գործոց Նախարարին Պաշտօնէն Ազատելու Որոշում Կայացուցած Է

Վարչապետը Արտաքին Գործոց Նախարարին Պաշտօնէն Ազատելու Որոշում Կայացուցած Է

by MassisPost

Վարչապետը որոշում կայացուցած է արտաքին գործոց նախարարին պաշտօնէն ազատելու մասին: Այդ մասին Նիկոլ Փաշինեան  յայտարարեց այսօր՝ Նոյեմբեր 16-ին Ազգային ժողովէն ներս՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն:

Յայտարարութենէն րոպէներ անց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Աննա Նաղտալեան դիմատետրի գրառմամբ տեղեկացուց, որ Զօհրապ Մնացականեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:

Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար նշանակուած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ՝ 2018 թուականի Մայիս 12-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment