Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Օրակարգին Վրայ Հրաժարականի Հարց Չկայ

Նիկոլ Փաշինեանի Օրակարգին Վրայ Հրաժարականի Հարց Չկայ

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի օրակարգին վրայ հրաժարականի հարց չկայ։ Առցանց ասուլիսի ժամանակ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք իր օրակարգին վրայ հրաժարական տալու հարց կայ, Հայաստանի վարչապետը ըսած է. «Իմ օրակարգում մտնում է հանրապետութիւնում կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելը, ուրիշ հարց իմ օրակարգում այսօր չկայ»:

Տարածքներու յանձնման մասին փաստաթուղթ ստորագրած Փաշինեան նշած է` եթէ հանրային վստահութիւնը իր նկատմամբ բաւարար ըլլայ, ինքը կը մասնակցի նաեւ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ հետագայ բանակցութիւններուն. «Կարծում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է մասնակցի այդ բանակցութիւններին, բայց հիմա գործնականում տեղի է ունենում բանակցային նոր օրակարգի ձեւաւորման գործընթաց, եւ եթէ պարզուի, որ բաւարար չէ {հանրային վստահութիւնը}, մենք չենք կարող մասնակցել այդ բանակցութիւններին, եթէ կը մասնակցենք, ուրեմն բաւարար է»:

Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան ընդունած է՝ ինքն է այն թիւ մէկ պաշտօնեան, որ տեղի ունեցածի համար կը կրէ պատասխանատւութիւն, բայց շատ կարեւոր է, որ հիմա ժողովուրդի հետ տեղի ունենայ խօսակցութիւն, եւ բոլորին պարզ ըլլայ, թէ ինչ տեղի ունեցած է. «Ես եմ այն թիւ մէկ պաշտօնեան, ով պատասխանատու է տեղի ունեցածի համար, եւ ես հասկանում եմ, նաեւ ինձ հաշիւ եմ տալիս, որ այս փաստի բերումով, ինչպէս նախկինում գործունէութեան բերումով պէտք է կանգնեմ, եթէ շատ պայմանական ասենք կամ մի քիչ սուր ձեւով ձեւակերպեմ, մեր ժողովրդի դատի առաջ»:

Վարչապետը արձանագրած է նաեւ, թէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութենէն ետք Արցախի պաշտպանութեան բանակը պիտի ունենայ նոյն կարգավիճակը, ինչ նախապէս էր. «Արցախի պաշտպանութեան բանակը կայ, եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը շարունակելու է գոյութիւն ունենալ, եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը պէտք է զարգանայ, պէտք է հզօրանայ եւ պէտք է նաեւ երաշխաւորը լինի Արցախի ինքնիշխանութեան»:

Պատերազմի ընթացքին հայկական կողմէն կան անյայտ կորած քանի մը հարիւր զինուորներ, տեղեկացուցած է Փաշինեանը՝ առանց յստակ թիւ նշելու, քանի որ ինչպէս ըսած է, անոնց գտնելու յոյս դեռ կայ։ Իսկ գերիներու փոխանակումը պիտի կազմակերպուի զոհուածներու մարմինները դուրս հանելէ ետք։ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու եւ հաշմանդամութիւն ձեռք բերածներու համար ընկերային երաշխիքներու ապահովումը. «Երէկ ես իմացայ, որ վիրաւոր զինուոր է յայտնաբերուել, ով նախկինում համարւում էր անհետ կորած»:

Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ պատերազմէն ետք շրջանառուող շարք մը խօսակցութիւներու։ Մասնաւորապէս, որ Շուշին ուղղակի յանձնուած է։ Հակադարձած է՝ Շուշիի տարածքէն հայ զինուորներու 100-է աւելի մարմիններ յայտնաբերուած են, եթէ Շուշին յանձնուած է, որու հրամանով եւ ինչի համար կռուած են այդ զինուորները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment