Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանի ՊՆ-ը կը Հաղորդէ Լաչինի Միջանցքի Ականազերծման Մեկնարկի Մասին

Ռուսաստանի ՊՆ-ը կը Հաղորդէ Լաչինի Միջանցքի Ականազերծման Մեկնարկի Մասին

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսաստանեան զօրախումբը սկսած է Լաչինի միջանցքի ականազերծումը։ Այս մասին տեղեկացուցած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Տեղի կ’ունենայ ճանապարհի մաքրումը պայթիւնավտանգ իրերէ եւ չպայթած սպառազինութենէն։ Ճանապարհը այժմ կը նախապատրաստուի այն փախստականներու վերադարձին, որոնք կ’ուզեն ետ դառնալ Ստեփանակերտ», – յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Ալեքսէյ Պոլիւխովիչը։

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած տեսանիւթին մէջ կ’երեւայ, որ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհի երկայնքով ընթացող աշխատանքներուն մէջ ծանր շինարարական սարք ներգրաւուած է, նկատելի են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական մարմիններուն պատկանող մեքենաները։

Ռուսական շարք մը աղբիւրներու տեղեկութիւններով, ի դէպ, ճանապարհի բացման աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորականները։ Անոնք, սակայն, ըստ ռուսական Առաջին ալիքի, այդ աշխատանքներուն կը մասնակցին բացառապէս անզէն։ «Մայրուղիի վրայ ընթացող աշխատանքներու ժամանակ զէնք կրելու իրաւունք ունին միայն ռուսաստանցի խաղաղապահները», – պնդած է ռուսաստանեան հեռուստաընկերութիւնը։

Ռուսաստանցի զինուորականները նաեւ յայտարարած են, որ հակամարտութեան գօտիին վրայ տեղակայուած զօրախումբը պատրաստ է ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձող փախստականները տեղափոխող շարասիւներու անվտանգութիւնը։ Այդ գործընթացը, ի դէպ, արդէն իսկ մեկնարկած է։

Անցեալ գիշեր ռուսաստանցի զինուորականներու ուղեկցութեամբ Երեւանէն Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակ ժամանած է փախստականներ տեղափոխող երկրորդ շարասիւնը։ Անոր մէջ, ըստ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, 19 հանրակառք եղած է, որոնցով ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի 475 բնակիչներ վերադարձած են Ստեփանակերտ։

Լաչինի մայրուղիի երկայնքով ընթացող ականազերծման աշխատանքներուն զուգահեռ փախստականներ տեղափոխող շարասիւնը Ստեփանակերտ ժամանած է հիւսիսային՝ Վարդենիս-Քելբաջար-Մարտակերտ ճանապարհով։ Այս շրջանին մէջ, քաղաքացիական մեքենաներուն ուղեկցող ռուսական ստորաբաժանումներէն բացի, նաեւ մէկ ռուսական անցակէտ տեղակայուած է Դադիվանք վանական համալիրի հարեւանութեամբ։ Reuters գործակալութիւնը ծաւալուն նիւթ հրապարակած է Դադիվանքէն՝ զրուցելով նաեւ վանական համալիրի սպասաւորներէն մէկուն՝ հայր Մովսէսին հետ։

«Ես չգիտեմ ինչ է լինելու։ Վեհափառը հրահանգել է ինձ մնալ այստեղ վանահօր հետ, մինչեւ իշխանութիւնները կ’որոշեն հետագայ անելիքները։ Բայց մենք ուրախ ենք, որ ռուս զինուորները, մեր եղբայրները այստեղ են՝ սահմանը եւ վանքը պաշտպանելու նպատակով։ Մենք նրանց մեր օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնն ենք առաջարկում», – նշած էր հայ հոգեւորականը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment