Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Դաւիթ Տօնոյեան․ «Ըրած Ենք Առաւելագոյնը, Որպէսզի Կարողանանք Յաջողութեան Հասնիլ»

Դաւիթ Տօնոյեան․ «Ըրած Ենք Առաւելագոյնը, Որպէսզի Կարողանանք Յաջողութեան Հասնիլ»

by MassisPost

Արցախի մէջ իրավիճակը բաւական հանգիստ է, վերահսկելի եւ մարտական գործողութիւնները ամբողջովին դադրեցուած են, երէկ՝ Նոյեմբեր 10-ի երեկոյեան Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան։

Անոր խօսքով՝ շատ արագ կը տեղակայուին ռուսական խաղաղարար ուժերը: Տեղակայումը, ըստ նախարարին, կը կատարուի Հայաստանէն Գորիսով, Լաչինով դէպի Ստեփանակերտ, որմէ յետոյ արդէն խաղաղարար ուժերը կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններու եւ շփման գիծի երկայնքով

Անդրադառնալով դիտարկման, թէ շատերը պատերազմի դադրեցման մասին յայտարարութեան տակ ստորագրելը դաւաճանութիւն ու պարտութիւն կ’որակեն, Տօնոյեան արձագանգեց․ – «Ես, ի հարկէ, վիրաւորական եմ դիտարկում այդպիսի պիտակաւորումները, որովհետեւ Զինուած ուժերը՝ Պաշպանութեան նախարարութիւնն իր ամբողջ զինուորական եւ քաղաքացիական համակարգով, զօրահաւաքային ներուժը, կառավարութիւնը, սփիւռքն արել ենք առաւելագոյնը, որպէսզի կարողանանք յաջողութեան հասնել»:

Տօնոյեան ընդգծեց, որ կատարուած է առաւելագոյնը, սակայն հայկական կողմը ունեցած է մեծ խնդիր հակառակորդի օդային գերակայութեան տեսանկիւնէն, որ ժամանակ առ ժամանակ յաջողած է չէզոքացնել։

«Բայց 5-րդ սերնդի միջոցները, որոնք Ատրպէյճանն օգտագործել է Թուրքիայի աջակցութեամբ, որոշ պարագաներում անհնարին է դարձրել արձագանգը: Թուրքիայի ներկայութիւնը բացայայտ է եղել: Սպառազինութիւնը, որը տրամադրուել է շատ կարճ ժամանակահատուածում՝ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներին, օգտագործուել է մեր դէմ Սեպտեմբեր 27-ից սկսած», – ըսաւ Տօնոյեան։

Նախարարը շեշտեց, որ հայկական զինուած ուժերը այս իրավիճակէն դուրս կու գան ուժեղ, բաւականին փորձուած եւ կոփուած:

«Դուք գիտէք, որ միշտ պատերազմներից յետոյ զինուած ուժերը դուրս են գալիս շատ աւելի ուժեղ, աւելի փորձառու են դառնում: Մենք շարունակելու ենք մեր աշխատանքը, շարունակելու ենք զինուած ուժերում բարեփոխումները, շարունակելու ենք մեր զինուած ուժերի սպառազինումը գերժամանակակից միջոցներով, վերանայելու ենք, վերափոխելու ենք մեր զօրահաւաքային համակարգը, որը իրականում խնդրայարոյց էր այսպիսի պատերազմի ժամանակ: Մենք շատ ուժեղ ենք դուրս եկել այս իրավիճակից»,- ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:

Նախարարի գնահատմամբ՝ այսօրուայ համաձայնագիրը առաւելագոյնն է, զոր կարելի էր ունենալ, Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղարարներու տեղակայման առումով այս լաւագոյն տարբերակն էր, որ մշակուած է շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment