Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կը Պահանջեն Վարչապետի Հրաժարականը

Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Կը Պահանջեն Վարչապետի Հրաժարականը

by MassisPost

Ազատութեան հրապարակին վրայ 17 կուսակցութիւն հանրահաւաք ըրաւ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ամպիոնէն Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց այն քայլերը, որով անոնք կը պահանջեն, որ Նիկոլ Փաշինեան յանձնէ իշխանութիւնը: Այսպէս, քայլ առաջին` Նիկոլ Փաշինեան ինքնակամ հրաժարական կու տայ, երկրորդ` կը ձեւաւորուի հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ, երրորդ` Հայաստանը բանակցութիւններու սեղանին կը ներկայանայ նոր ազգային դէմքով, չորրորդ` «քայլ առ քայլ կը կառուցենք հզօր հայրենիք»:

Հանրահաւաքի կազմակերպիչները վարչապետը մեղադրած են «հողերը յանձնելու համար»: 17 կուսակցութեան կարգին են նախկին իշխանութիւն «Հանրապետական» կուսակցութիւնը, խորհրդարանական մեծութեամբ երկրորդ ուժը` «Բարգաւաճ Հայաստանը», Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն՝ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած «Հայրենիք» կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու շարք մը այլ կուսակցութիւններ:

Սկիզբը փոքրաթիւ քանակով մարդիկ հաւաքուած էին, ոստիկանութիւնը զգուշացուց, որ երկրին մէջ ռազմական դրութիւն է, եւ այդ պայմաններուն արգիլուած է հանրահաւաք ընել, եւ անոր մասնակցիլ: Խումբ մը քաղաքացիներու այդ հիմնաւորմամբ բերման ենթարկեց, անոնց կարգին էին «Հանրապետական» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Էտուարտ Շարմազանովը, Վահրամ Պաղտասարեանը եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ:

Հրապարակ եկան հանրահաւաքի մասնակից միւս կուսակցութիւններու ղեկավարները` Վանեցեան, Դաշնակցութենէն ներկայացուցիչներ, որմէ յետոյ այս հաւաքը աւելի բազմամարդ դարձաւ, եւ այստեղ ուժային կառոյցները կեդրոնացուցին մեծ թիւով ոստիկաններ:

Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարութիւն տարածեց` յիշեցնելով, որ ռազմական դրութեան պայմաններուն կ’արգիլուի հանրահաւաք ընելը, որմէ յետոյ ԲՀԿ-ականները յայտարարեցին, թէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն տեղափոխուած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ՝ Գագիկ Ծառուկեան: Պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեան հարթակէն յայտարարեց, թէ այսպիսով կը փորձեն հանրահաւաքը կազմակերպող կուսակցութիւնները մեղադրել պետական յեղաշրջման մէջ եւ ձերբակալել: Ապա պաշտօնական տեղեկութիւն տարածուեցաւ, որ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանն ալ հրաւիրուած է ԱԱԾ: Երէկ՝ Նոյեմբեր 10-ի կէսօրին, ԲՀԿ-ի ղեկավարը, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահն ու ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը հանդիպած էին Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ Օնիկ Գասպարեանի հետ, որմէ յետոյ յայտարարութիւն տարածեցին, թէ անվերապահօրէն կ’աջակցին Հայաստանի զինուած ուժերուն, Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ կոչ ըրին ժողովուրդին պահպանելու հանդարտութիւն եւ հանգստութիւն. Հայաստանը դեռ պատերազմի մէջ է:

Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի կառավարութեան շէնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment