Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շուշիի Ուղղութեամբ Գրոհած Ատրպէյճանական Ներթափանցող Խումբի Մնացորդներու Ոչնչացումը կը Շարունակուի, Կը Յայտնէ ՊՆ-ը

Շուշիի Ուղղութեամբ Գրոհած Ատրպէյճանական Ներթափանցող Խումբի Մնացորդներու Ոչնչացումը կը Շարունակուի, Կը Յայտնէ ՊՆ-ը

by MassisPost

Անցեալ գիշեր Շուշիի ուղղութեամբ գրոհ ձեռնարկած ատրպէյճանական ներթափանցման խումբի մնացորդներու յայտնաբերումն ու ոչնչացումը կը շարունակուի, երեկոյեան «Ազատութիւն»ին հաղորդեց Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան:

Նոյեմբեր 4-ի օրուայ աւարտին, յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր Արցախի պաշտպանութեան բանակը, թէ բանակի ստորաբաժանումներու կողմէն ատրպէյճանական ներթափանցող խումբերու հաւանական ներթափանցման ուղղութիւններով կ’ընթանան որոնողական գործողութիւններ, այս ամէնով պայմանաւորուած՝ Շուշի-Բերձոր ճանապարհի որոշ հատուածներ միայն քաղաքացիական բնակչութեան համար ժամանակաւորապէս փակ են:

«Նախ տեղեկացնեմ, որ ռազմաճակատում շարունակում է իրավիճակը մնալ կայուն-լարուած, շարունակուում են ընթանալ հակառակորդի ներթափանցող խմբի մնացորդների որոնողական աշխատանքները եւ ոչնչացման գործողութիւնները: Ինչպէս գիտէք, կէսգիշերից յետոյ թշնամական ներթափանցող խումբ փորձել էր Շուշիի ուղղութեամբ գործողութիւններ ձեռնարկել, սակայն հաւաստանշուել էր, եւ բանակային ստորաբաժանումների ու կամաւորականների գրագէտ եւ ճշգրիտ գործողութիւնների արդիւնքում մեծաթիւ կորուստներ են ունեցել:  Բնականաբար, խմբի որոշ մնացորդներ կարողացել են պատսպարուել անտառում, որոշ խմբերի տեղն արդէն հաւաստանշուած է, եւ այդ ուղղութեամբ գործողութիւններ ընթանում են: Ինչ վերաբերում է Պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեանը, որով նշուում է, որ այդ հաւանական ներթափանցման ուղղութիւններում իրականացուող որոնողական գործողութիւններով պայմանաւորուած Շուշի-Բերձոր ճանապարհի որոշ հատուածներ միայն քաղաքացիական բնակչութեան համար են ժամանակաւորապէս փակ, ապա պէտք է նշեմ՝ քանի որ այդ ներթափանցած խմբերը ցրուած են անտառով եւ գործողութիւնները շարունակուում են, ելնելով անվտանգութիւնից, ուղղակի նպատակայարմար չէ, որպէսզի քաղաքացիականները այդ ճանապարհով երթեւեկեն», – ըսաւ ՊՆ խօսնակը:

Աւելի վաղ «դիմատետրի»-ի իր էջով Ստեփանեան տեղեկացուցած էր, որ հարաւային ուղղութեամբ ժամը 10:30-ի սահմաններուն խոցուած է հակառակորդի գրոհող երեք հրասայլ:

Պաշտպանութեան բանակի հաղորդմամբ՝ այսօր՝ ժամը 10:30-ի սահմաններուն, Բերձոր քաղաքէն հարաւ-արեւելք ինկած ճակատային գիծի հատուածին, ատրպէյճանական ուժերը զրահամեքենայի ներգրաւմամբ նախաձեռնած են հերթական յարձակումը, Արցախի ՊԲ ստորաբաժանումները, անցնելով պաշտպանութեան, կասեցուցած են յարձակումը։ Ժամը 12:55-ի սահմաններուն ատրպէյճանական ուժերը նոյն ուղղութեամբ ձեռնարկած են հերթական յարձակումը եւ դարձեալ ետ շպրտուած են ելման դիրքեր։

Ըստ Արցախի ռազմական գերատեսչութեան, գիշերուայ ընթացքին յհարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով, Ատրպէյճանը շարունակած է հրթիռահրետանային կրակի տակ պահել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կան տուժուածներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment