Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութինի Հաւաստումով` Ռուսական Կողմը Կ’ընէ Ամէն Ինչ Հակամարտութեան Կարգաւորման Համար

Փութինի Հաւաստումով` Ռուսական Կողմը Կ’ընէ Ամէն Ինչ Հակամարտութեան Կարգաւորման Համար

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահը այսօր՝ Նոյեմբեր 4-ին, հաւաստիացուցած է, որ ռուսական կողմը կ’ընէ եւ պիտի ընէ իրմէ կախուած ամէն ինչ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար: Այս մասին Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է Ռուսաստանի կրօնական միաւորումներու ներկայացուցիչներու հետ աւանդական հանդիպման ժամանակ։

Ռուսաստանի նախագահը նաեւ համոզմունք յայտնած է, որ հակամարտող կողմերը իրենց նպատակներուն կրնան հասնիլ խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով: «Յամենայն դէպս, մենք կապի մէջ ենք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ։ Յուսով եմ, որ կը յաջողինք արդիւնքի հասնիլ, ընդ որում՝ այնպիսի հիմքի վրայ, որ կը բաւարարէ տարածաշրջանը ապրող բոլոր մարդիկը», – ըսած է նախագահը։

Երէկ, յիշեցնենք, «Քոմերսանթին» տուած հարցազրոյցին, որու մեծ մասը նուիրուած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը հերթական անգամ կոչ ըրած էր ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն եւ անոնց արտաքին գործընկերներուն անշեղօրէն յարգել կրակի դադրեցման, վերահսկողական մեքենականութիւններու ստեղծման եւ յստակ ժամանակացոյցով բովանդակային բանակցային գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները: Սերկէյ Լաւրով ընդգծած էր, որ չնայած դեռ չէ յաջղած հասնիլ հրադադարի, Մոսկուան կը շարունակէ ամէն ինչ ընել Պաքուին եւ Երեւանին բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնելու համար` ասոր հետ մէկտեղ շեշտելով, որ առանց վերահսկող մեքենականութիւններու, հրադադարին հնարաւոր չէ հասնիլ:

Հարցազրոյցին Լաւրով անդրադարձած էր նաեւ ահաբեկիչներու թեմային` ընդգծելով, որ Ղարաբաղի մէջ կռուող վարձկան-ահաբեկիչներու թիւը կը հասնի 2000-ի` աւելցնելով, որ այս հարցը ՌԴ ղեկավարութիւնը պարբերաբար կը բարձրաձայնէ: Ասոր հետ մէկտեղ կարմիր թելով այս հարցազրոյցին կ’անցնէր այն միտքը, որ Ռուսաստանը չի պատրաստուիր խաղաղութիւն պարտադրել կողմերէն եւ ոչ մէկուն, փոխարէնը պիտի փորձէ այսույետ եւս համոզել անոնց դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները:

Լաւրով կրկին անգամ ընդգծած էր հարցազրոյցին, որ Ռուսաստանը դէմ է, որ փոխուի հակամարտութեան միջնորդներու ձեւաչափը, խօսքը Մինսքի խումբի համանախագահներու մասին է, սակայն կարեւորելով Թուրքիոյ դերն ու ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի վրայ` Մոսկուան կ’աշխատի եւ կը շարունակէ աշխատիլ նաեւ Թուրքիոյ հետ հակամարտող կողմերուն բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնելու ուղղութեամբ:

Աւելցնենք, որ Ռուսաստանի փոխարտաքին գործոց նախարար՝ Անտրէյ Ռուտենքոն երէկ յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպում օրակարգին վրայ դեռ չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment