Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսաստանի նախագահի միջեւ հեռախօսազրոյցներ տեղի կ’ունենան գրեթէ ամէն օր, «Ազատութիւն»ին հաղորդեց վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան՝ մեկնաբանելով Նոյեմբեր 1-ին Փաշինեանի եւ Փութինի, ապա Փութինի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցները։
«Չեմ կարող շատ մանրամասներ հաղորդել հեռախօսազրոյցից, բայց կարող եմ ասել, որ նման հեռախօսազրոյցներ գրեթէ ամէն օրուայ կտրուածքով տեղի են ունենում վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի միջեւ։ Հաշուի առնելով, որ ամէնօրեայ կտրուածքով հեռախօսազրոյցները տեղի են ունենում, եւ դրա մասին եւ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է ասել իր հարցազրոյցներում, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահն է յայտարարել «Վալտայ» ակումբի իր ելոյթում, զուտ հաշուի առնելով դա, որ արտառոց հեռախօսազրոյց չի տեղի ունեցել՝ մենք հաղորդագրութիւն չենք տարածել», – ըսաւ Գէորգեան։
Հեռախօսազրոյցէն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդեր պաշտօնական Մոսկուան կամ պաշտօնական Պաքուն։