Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ Վարձկաններու Շարունակուող Ներգրաւումը Կ’անհանգստացնէ Մոսկուան, կը Շեշտէ Լաւրով

Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ Վարձկաններու Շարունակուող Ներգրաւումը Կ’անհանգստացնէ Մոսկուան, կը Շեշտէ Լաւրով

by MassisPost

Մոսկուան անհանգստացած է, որ կը շարունակուի վարձկաններու տեղափոխումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի։ Անոնց քանակը կը մօտենայ 2 հազարի։ Ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Քոմերսանթ»ի մէջ այսօր՝ Նոյեմբեր 3-ի տպագրուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Ան ըսած է, որ այդ թեման ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին շոշափած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի հետ Հոկտմբեր 27-ին կայացած հեռախօսազրոյցին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու հետ պարբերաբար շփումներուն։

«Հետեւողականօրէն կը շարունակենք տարբեր խողովակներով առաջ մղել մեր դիրքորոշումը»,- հաւաստիացուցած է Լաւրով։

Լաւրով նշած է, որ Ռուսաստանի` որպէս հիմնական միջնորդի խնդիրն է օգնել Հայաստանին ու Ատրպէյճանին դուրս գալու տաք փուլէն եւ սրուած հակամարտութեան լուծման խաղաղ միջոցներ գտնել։

Յիշեցնելով մարդասիրական հրադադար հաստատելու Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան մասին` Լաւրով ըսած է, թէ Ռուսաստանը հնարաւորինս կ’ընէ, անոր կարգին` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ գործընկերներ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ, որպէսզի այդ համաձայնութիւնը կեանքի կոչուի։

«Զուգահեռաբար կ’առաջարկենք քաղաքական կարգաւորման տարբեր առաջարկներ։ Կ’ակնկալենք, որ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ կը գերիշխէ կառուցողական մօտեցումը, մարտական գործողութիւնները կը դադրեցուին, ու ղարաբաղեան գործընթացը քաղաքական հուն կը վերադառնայ»,- ըսած է ՌԴ Արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment