Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւնը եւ Արցախեան Ազատամարտը

ԱՄՆ-ի Նախագահական Ընտրութիւնը եւ Արցախեան Ազատամարտը

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Տարօրինակ թող չթուի վերեւի խորագիրը, հակառակ անոր, որ առաջին նայուածքով անոնց կապակցութիւնը տեսանելի չթուիր: Փորձենք ամփոփ կերպով պարզել այս կապակցութիւնը մեր ընթերցողներուն համար:

Տեսանելի երեւոյթ է, որ ժողովրդավարութիւնը դժբախտաբար նահանջի մէջ է վերջին տարիներուն, ի հաշիւ մենատիրական ձգտումներու: Մեծ ու փոքր մենատէրեր իրենց ներկայութիւնը կը պարտադրեն կազմաւորման ընթացք բոլորող համաշխարհային նոր համակարգին մէջ: Ասոնց գլխաւորներն են Ժի Ժինբինը եւ Փութինը, որոնց կը փորձեն հետեւիլ Էրտողան եւ Թրամփ:  Բաւականանանք այս մի քանի անուններով, հակառակ անոր, որ այս շարքին կարելի է աւելցնել անունները Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ երկարող երկիրներու մենատէրերու: Ասոնց մէջէն մեզի հետաքրքրողն ու մտահոգողը Թրամփն է, ինչպէս նաեւ Էրտողանը: Առաջինը համաշխարհային մակարդակով, իսկ երկրորդը՝ շրջանային: Ի՞նչու այս վերջին երկուքը եւ ոչ թէ առաջին երկուքը: Որովհետեւ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ վարչակարգերը տասնամեակներով արտադրած են մենատէրեր եւ ուրեմն այդ մէկը սովորական երեւոյթ դարձած է: Մտահոգիչը ԱՄՆ-ի բռնած ուղութիւնն է Թրամփի ընտրութիւնէն սկսեալ եւ այդ մէկը կրնայ խորանալ անոր անհաւանական վերընտրութեամբ, ինչ որ ժողովրդավարութեան հասցուած մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ, որ իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ աշխարհի վրայ եւ նաեւ Հայաստանի: Ինչ կը վերաբերի Էրտողանին, ան ալ 2015-էն ի վեր սկսած է չէզօքացնել իր մրցակիցներն ու հակառակորդները եւ ներքին աճող դժգոհութիւնը քօղարկելու համար դիմած է արտաքին արկածախնդրութեանց, որ իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի երկիրներուն վրայ:

Տեսանելի երեւոյթ է նաեւ, որ համաշխարհային այս նոր համակարգի կազմաւորումը չ’ընթանար ԱՄՆ-ի նպաստաւոր ուղութեամբ ու հետեւաբար կը սպառնայ անոր վայելած տիրապետութեան սահմանափակման: Սպառնացողը եւ գոյութիւն ունեցող համաշխարհային կարգավիճակը (status quo) խախտողը Ռուսիան չէ, այլ՝ Չինաստանը, որ վերջին տասնամեակներուն հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ, իրեն իւրայատուկ դրամատիրական ու համայնավարական տեսութիւններու խառնուրդ մենատիրական վարչակարգով մը: Մեր համեստ կարծիքով, Թրամփի անհաւանական թուացող 2016-ի ընտրութիւնը փորձ մըն էր անկայունացնելու համաշխարհային իրավիճակը եւ ստեղծուած խառնաշփոթութեան ընդմէջէն նոր ուղիներ որոնելու, որոնք կրնային պահպանել ԱՄՆ-ի գերակայութիւնը: Մենք կը խորհինք, որ այդ փորձը առայժմ ձախողած է եւ կրնայ վերափոխութեան ենթարկուիլ Ճօ Պայտընի ընտրութեամբ եւ կամ աւելի խորացուիլ Թրամփի վերընտրութեամբ: Առաջինի պարագային պիտի վերադառնանք յարաբերական կայունութեան մը, ուր Արեւմուտքը (ԱՄՆ/Եւրոպա/Աւստրալիա) համագործակցաբար պիտի փորձէ նոր մոտեցումով դիմագրաւել Արեւելքի (Չինաստան) վերելքը: Ինչ որ ցանկալի է եւ նպաստաւոր աշխարհի խաղաղեցման եւ յառաջընթացին համար: Երկրորդի պարագային սակայն, ականատես պիտի ըլլանք նոր վերիվայրումներու, որոնք յոռեգոյն պարագային կրնան պայթեցնել երրորդ համաշխարհային պատերազմը:

Մենք չենք խորհիր, որ ԱՄՆ-ը հասած է այն աստիճանի, որ ստիպուած կը զգայ զէնքի ուժով իր գերակայութիւնը պահպանելու եւ պարտադրելու աշխարհին, ու այդ պատճառաւ կ’անկայունացնէ համաշխարհային համակարգը: Պատմութիւնը վկայ է, որ կայսրութիւններու անկումը չուշացաւ, երբ իրենց վերջին միջոցը այդ էր: ԱՄՆ-ը աննախադէպ յաջողութեանց հասաւ ոչ թէ զէնքի, այլ մտքի ուժով: Հետեւաբար, զարկ պէտք է տայ մտքի արարումին ու այդպիսով նպաստէ աշխարհի յառաջխաղացքին:

Հայաստանի Պարագան
Այս ենթահողի վրայ, ու՞ր է Հայաստանը եւ ի՞նչ ճակատագիր կրնայ սպասել անոր: Ինչպէս ըսինք վերը, դժբախտաբար ժողովրդավարութիւնը նահանջի մէջ է, հակառակ անոր, որ անիկա կը շարունակէ ըլլալ լաւագոյն միջոցը աշխարհի յառաջընթացին համար: Բայց Հայաստանի պարագային, հոսանքն ի վեր երթալով, ան 2018-ին ձերբազատուեցաւ քսանամեայ մենատիրական վարչակարգէ եւ բռնեց ժողովրդավարութեան ուղին: Անցած երկու տարիներու զարգացումները ցոյց տուին, որ ճիշտ էր այդ ուղին մեր ազգին համար: Բաղդատեցէք 2016-ի Ապրիլեան քառօրեան 2020-ի Յուլիսեանի հետ եւ պիտի համոզուիք: Դեռ չենք խօսիր 22 օրերէ ի վեր ընթացող թեժ ճակատամարտերու մասին, ուր ականատես կ’ըլլանք աշխարհասփիւռ հայութեան միակամութեան եւ աննախադէպ սատարին, որ դժուար թէ իրականանար Քոչարեան/Սարգսեանի յափշտակիչ ու քանդիչ իշխանութեան օրով: Սակայն Հայաստանի այս քայլը սպառնալիք կը նկատուի եւ հաշտ աչքով չդիտուիր շրջանի մենատիրական վարչակարգերուն կողմէ, սկսած Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն մինչեւ Ռուսիա, Պելառուս եւ միջին Ասիոյ «ստան»ները: Մանաւանդ անոնց կողմէ, որոնք կը դիմագրաւեն ներքին աճող դժգոհութիւններ, որոնց  առաջին շարքին են Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Անոնք կը գիտակցին, որ ժամանակը ի նպաստ իրենց չաշխատիր, որովհետեւ  քարիւղի պաշարներու եւ գիներու անկման պատճառով զգալիօրէն նուազած է երկրին եկամուտը, պատճառ դառնալով երկրէն ներս յառաջացող տնտեսական եւ ընկերային տագնապներու, որոնք կրնան յանգիլ պոռթկումներու եւ յեղափոխութեան:  Ասոր վրայ երբ կը գումարենք պսակաձեւ ժահրի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու պատճառով ստեղծուած համաշխարհային կացութիւնը, անոնք պահը բարեպատեհ նկատեցին պատերազմ շղթայազերծելու Հայաստանի դէմ:  Այս քայլով անոնք կը  փորձէին ներքին դժգոհութեանց ուշադրութիւնը շեղել դէպի արտաքին թշնամին եւ կը յուսային կայծակնային արագութեամբ յաղթանակով մը ամրապնդել իրենց դիրքերը: Անհաւանական չէ, որ անոնք նաեւ ստացած ըլլային Թրամփի «օրհնութիւնը», որովհետեւ ստեղծուած անկայունութիւնը նաեւ կրնար նպաստել անոր վերընտրութեան:

Այստեղ կ’արժէ նաեւ անդրադառնալ միջազգային լրատու աղբիւրներուն պատերազմի սկզբնական օրերուն  ցուցադրած ժլատ եւ ապա կողմնակալ լրատուութեան: Գիտնալով, որ ինչ աղբիւրներէ կը սնուին անոնք, զարմանալի չէր անոնց կանխակալ մօտեցումը ի նպաստ Ազրպէյճանի: Մանաւանդ Անգլիական եւ Իսրայէլեան աղբիւրներու բացայայտօրէն թշնամական լրատուութիւնը: Այս փաստը ցոյց կու տայ նաեւ, որոնք էին այս պատերազմը հրահրողները եւ անոնց հետապնդած նպատակները: Հայաստանն ու աշխարհացրիւ հայութիւնը պէտք չէ մոռնայ  այս կարեւոր կէտը եւ ըստ այնմ վարուի այդ ուժերուն հետ:

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յոյսերը, ինչպէս նաեւ անոնց ետին կեցողներունը,  բարեբախտաբար ի դերեւ ելան եւ ամէն օր, որ Հայաստան կը դիմակայէ անոնց յարձակումներուն, այդքանով կ’արագացնէ անոնց վարկաբեկումն ու պարտութիւնը: Դժբախտաբար ի գին մեր կրած մեծ կորուստներուն: Բայց երբ փորձենք պատմութեան մեծ պաստառին վրայ արժեւորել մեր ազգային կորուստն ու շահը, պիտի համոզուինք, որ մեր նահատակներու արեան գնով պահեցինք մեր հողը եւ ապահովեցինք մեր գոյութիւնն ու երթը: Երբ մեր շահն ու կորուստը արժեւորենք բաղդատականը ընելով մեր եւ մեր թշնամիներու համեմատական ուժերուն, ըլլան անոնք մարդկային, ռազմական թէ տնտեսական, ապա մեր յաջողութիւններու պսակը պէտք է անսակարկօրէն մղէ բոլորիս, բազմապատկելու մեր վճռակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, յաղթական դուրս գալու  այս պայքարէն եւ կերտելու արժանապատիւ ապագայ մեր եւ մեզ յաջորդող սերունդներուն համար:

Յ.Գ. Մենք դիտումնաւոր չանդրադարձանք Ռուսական գործօնին, որ առանձին յօդուածի նիւթ է:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment