Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Հանդիպեցաւ Արցախի Երկու Նախկին Նախագահներուն Հետ

Փաշինեան Հանդիպեցաւ Արցախի Երկու Նախկին Նախագահներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 20-ին, կառավարութենէն ներս հանդիպած է իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:

Վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ աւելի վաղ, Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Արցախի նախկին նախագահներ՝ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը, քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Օր մը առաջ, վարչապետը երկրորդ անգամ հանդիպեցաւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

national-security-council

Անկէ առաջ ալ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարուած էր: Բացի ԱԽ անդամներէն՝ նիստին մասնակցած են նաեւ ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցը, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանը, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձաժողովի նախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեանը, ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչ, պատգամաւոր՝ Արման Աբովեանը:

ԱԽ նիստը սկսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի աղօթքով:

Նիստի ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանաթրքական յարձակումի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հակառակորդին հակազդելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերը:

Վարչապետին երէկ հանդիպած արտախորհրդարանական ուժերուն շարքին էր նաեւ նախկին իշխող կուսակցութեան՝ Հանրապետականի ներկայացուցիչ՝ Էտուարտ Շարմազանովը, որ քննարկումէն յետոյ հրաժարած էր լրագրողներու հետ խօսելէ, սակայն այսօր՝ դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտնած է, որ «Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջական եւ պարտադիր իրացումն այլընտրանք չունի, այսինքն՝ Արցախի ժողովուրդը պէտք է որոշի իր կարգավիճակը»:

Ըստ Շարմազանովի՝ արցախեան հարցի լուծման փաթեթային տարբերակէն զատ, այլ տարբերակներ կուսակցութեան համար անընդունելի են:

Վարչապետի արտախորհրդարանական ուժերու հետ երկու հանդիպումներուն մասնակցած «Քաղաքացու Որոշում» կուսակցութեան ղեկավար անդամ՝ Սուրէն Սահակեանի գնահատմամբ, այս հանդիպման հետ կապուած քննարկումները ժամանակավրէպ են: «Մի թասի մէջ, որտեղ մի կողմում՝ ձախ կողմում Հայաստանն է, վերեւի հատուածում՝ Արցախի ուժերը՝ հայկական ուժերը, եւ ներքեւի հատուածում՝ Իրանը: Եւ պատահական չէ, որ Ատրպէյճանն ընկել է այդ ծուղակի մէջ, նա այլ ելք չունէր, բայց դրանով ատրպէյճանական բանակի ձախողումները, ձախորդութիւնները չեն աւարտուում, քանի որ մի ճանապարհ կայ այդտեղից՝ դէպի հիւսիս բարձրանալը, այսինքն՝ Լաչինի միջանցք փորձել փախչել, իսկ այդ Լաչինի միջանցքով ատրպէյճանական բանակի կորուստների եւ անփառունակ վախճանի մասին կարող են պատմել նաեւ Արցախի առաջին պատերազմի ժամանակ այնտեղ եղած ուժերը»:

Սուրէն Սահակեանի կարծիքով՝ այժմ հանրութիւնը առանց խուճապի պէտք է սպասէ պատերազմի ելքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment