Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուա Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Երեւանն Ու Պաքուն Առաջիկային Պիտի Համաձայնեցնեն Ղարաբաղի Մէջ Հրադադարի Վերահսկման Մեքենականութիւնը

Մոսկուա Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Երեւանն Ու Պաքուն Առաջիկային Պիտի Համաձայնեցնեն Ղարաբաղի Մէջ Հրադադարի Վերահսկման Մեքենականութիւնը

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան յոյս ունի, որ առաջիկային արդէն Երեւանն ու Պաքուն պիտի համաձայնեցնեն Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վերահսկման մեքենականութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Մոսկուան շփումներու մէջ է այս հարցով Երեւանի եւ Պաքուի հետ ռազմական գերատեսչութիւններու գծով։

Թէ յատկապէս ինչ մեքենականութիւններու մասին է խօսքը, Սերկէյ Լաւրովը չէ ըսած, սակայն աւելի վաղ ան շեշտած էր, թէ լաւագոյնս այդ խնդիրը կրնան լուծել ռազմական դիտորդները՝ ընդգծելով, որ լաւ կ’ըլլայ, եթէ անոնք ռուսաստանցի զինուորականները ըլլան։

Թէ՛ ռազմական դիտորդներու, թէ՛ խաղաղապահներու մասին բոլոր հարցերուն Պաքուն կը պատասխանէ, որ վաղ է այդ մասին խօսիլը։

Լաւրովը խոստովանած է, որ Մոսկուայի նախաձեռնած մարդասիրական հրադադարը երկու անգամ տապալած է՝ ընդգծելով, որ հրադադարը ապահովելու համար անհրաժեշտ են անոր վերահսկման մեքենականութիւններ․ – «Այժմ ամենակարեւորը, որ թերեւս մեծ ջանքեր չի պահանջեր, ռազմական հռետորաբանութեան դադրեցումն է ոչ միայն կողմերու միջեւ, այլեւ միջազգային դերակատարներու։ Երկրորդ, ծայրաստիճան անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, հարուածները քաղաքացիական բնակավայրերու վրայ, որ արտացոլուած է ե՛ւ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի ու Ֆրանսայի նախագահներու յայտարարութեան մէջ, ե՛ւ մոսկովեան փաստաթուղթին մէջ, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցուցած էին մեր աջակցութեամբ Հոկտեմբեր 10-ին, ե՛ւ երէկ համաձայնեցուած փաստաթուղթին մէջ»։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը միաժամանակ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է նաեւ էականօրէն արագցնել ջանքերը խնդրի քաղաքական կարգաւորման շուրջ։ Կարգաւորման մանրամասնութիւններու մասին Լաւրովը չէ խորացած, սակայն ընդգծած է․ – «Կան մանրամասն, համապարփակ նախագիծեր, որոնք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երկիրները պատրաստած, քննարկած են կողմերուն հետ։ Այդ փաստաթուղթերը, կը կարծեմ, կը ներառեն բոլոր հարցերու պատասխանները»։

Աւելի վաղ, Լաւրովը նաեւ յայտարարած էր, որ սեղանին եղած են եւ կը մնան խնդրի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները, որոնց համաձայն «Ղարաբաղի շուրջ շրջանները պէտք է փուլային, քայլ առ քայլ ազատուին՝ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքներու պահպանմամբ, մինչեւ վերջնական կարգավիճակը որոշելը եւ Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ յուսալի կապի ապահովումը»։

Երեւանն ու Պաքուն, Լաւրովի խօսքով, պէտք է հնարաւորինս շուտ համաձայնեցնեն առանցքային դրոյթները, որ թոյլ կու տայ երկարաժամկէտ կտրուածքով կայունացնել իրավիճակը, բանալ հեռահաղորդակցութեան ուղիները, տնտեսական, փոխադրութեան կապերը եւ ապահովել թէ՛ Ղարաբաղի յուսալի անվտանգութիւնը, թէ՛ այլ տարածքներու անվտանգութիւնը։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերջին շրջանին անընդհատ կը տարանջատէ Լեռնային Ղարաբաղն ու միւս շրջանները, ինչպէս նաեւ պարբերաբար կը խօսի Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան եւ վերջնական կարգավիճակի մասին։

Ղարաբաղի թեման այսօր ալ կը մնայ Ռուսաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ, անոր շուրջ քննարկումները կ’անցնին տարբեր քաղաքական եւ հասարակական հարթակներու վրայ։ Փորձագիտական շրջանակներուն մօտ հիմնական շեշտադրումն այս օրերուն երկու կէտի վրայ է․ առաջինը՝ Ռուսաստանը կ’օգնէ Հայաստանին, սակայն միշտ չէ, որ այդ կ’ընէ հրապարակաւ, եւ երկրորդ շեշտադրումը՝ Ռուսաստանին անհրաժեշտ է հնարաւոր ամէն ինչ ընել տարածաշրջանը ահաբեկիչներէն ազատելու համար։

Դաշնային լրատուական հիմնական հեռուստածրագիրներուն մէջ Մոսկուան կը շարունակէ պահապանել չէզոք, կամ աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել չէզոք միջնորդի դիրքորոշում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment