Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ղարաբաղի Հարցը Քննարկած են Փութինն ու Էրտողանը

Ղարաբաղի Հարցը Քննարկած են Փութինն ու Էրտողանը

by MassisPost

Ղարաբաղի պատերազմը սկսելէն ի վեր երէկ՝ Հոկտեմբեր 14-ի երեկոյեան, առաջին անգամ ըլլալով, իրավիճակը Ղարաբաղի եւ Ղարաբաղի շուրջ քննարկած են Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները, ընդ որում՝ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։

Քրեմլինը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ առաջնորդները հեռախօսազրոյց ունեցած են եւ մանրամասն քննարկած Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու կողմն ալ կարեւորած է Հոկտեմբեր 10-էն մարդասիրական հրադադար հաստատելու մասին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան իրագործումը։ Վլատիմիր Փութինն ու Ռէճէպ Էրտողանը հանդէս եկած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի առաջարկներու հիման վրայ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը աշխուժացնելու օգտին։

Քրեմլինը կը հաղորդէ, որ Ռուսաստանի նախագահը նաեւ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է ռազմական գործողութիւններուն մէջ Մերձաւոր Արեւելքէն գրոհայիններ ներգրաւելու վերաբերեալ։ Այլ մանրամասնութիւններ  Քրեմլինը տուեալ թեմայի շուրջ չի փոխանցեր, իսկ Անգարան ու Պաքուն կը շարունակեն պնդել, թէ գրոհայիններ Ղարաբաղի մէջ չկան։

Քրեմլինի  հաղորդագրութեան մէջ նաեւ առանձին նշուած է. – «Փութինը յոյս յայտնած է, որ Անգարան` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ, կառուցողական դեր կը ստանձնէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացով»։

Մոսկուայի մէջ ղարաբաղեան պատերազմի շուրջ աշխոյժ քննարկումները կը շարունակուին տարբեր հարթակներու վրայ։  Ռուսական քանի մը լրատուամիջոցներու տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, թէ հրադադարը պահպանելու լաւագոյն մեքենականութիւնը խաղաղապահներն են, կամ աւելի լաւ է, ինչպէս Սերկէյ Լաւրովը շեշտած է, ռուսաստանցի զինուորականները։

Խաղաղապահներու հարցին այսօր անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը: «Այստեղ գլխաւոր հարցն է,  պատրա՞ստ են արդեօք անոր, հակամարտող կողմերը, իսկ աւելի յստակ՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը: Ցանկացած խաղաղապահներու կամ դիտորդներու տեղակայումը հնարաւոր է միայն երկու կողմերու համաձայնութեան պարագային», – յայտարարած է Տմիթրի Փեսքովը:

Խաղաղապահներու, կամ ինչպէս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր, որ զինուորական դիտորդներու տեղակայման հարցին անդրադարձած է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ)։ Այսօր ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասը Պելառուսի նախագահ՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է, թէ կազմակերպութենէն ներս աշխուժօրէն կը քննարկեն Ղարաբաղ խաղաղապահներ ուղարկելու հարցը։ Իսկ կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարը երէկ շեշտած է, թէ ինչ պայմաններով այդ հնարաւոր է։ ՀԱՊԿ-ը դիմելու պարագային, կարող է խաղաղապահ ուժեր ներգրաւել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ, եթէ ըլլայ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշում եւ միայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան մանտաթ ստանալու պարագային: ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար՝ Վլատիմիր Զայնեթտինովը ԹԱՍՍ-ին նաեւ ըսած է, որ պէտք է ըլլայ հակամարտող կողմերու համաձայնութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment