Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայկական Կողմը Յայտարարած Է Արդէն 604 Զոհերու Մասին

Հայկական Կողմը Յայտարարած Է Արդէն 604 Զոհերու Մասին

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակը այսօր՝ Հոկտեմբեր 15-ին, հրապարակեց ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ զոհուած 49 նոր զինծառայողի անուն, պատերազմի 19-րդ օրը հայկական կողմը յայտարարած է արդէն 604 զոհերու մասին։ Ատրպէյճանը մինչ օրս զինուորական զոհերու մասին որեւէ տուեալ չի հաղորդեր՝ այդ համարելով ռազմական գաղտնիք։

Հայկական կողմի հաղորդմամբ՝ գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւն եղած է, իսկ առաւօտեան հիւսիսային եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութիւններով Ատրպէյճանը վերսկսած է հրետանային աշխոյժ կրակը: Այդ ուղղութիւններով եւ յատկապէս հարաւը այսօր թէժ մարտեր եղած են:

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական՝ Հիքմէթ Հաճիեւը թուիթըրեան էջին գրած է, որ հայկական ուժերը կը շարունակեն հարուածները Թարթար, Աղջաբադի, Աղտամ եւ այլ տարածքներու ուղղութեամբ։

Երէկ Ատրպէյճանի կողմէն թիրախաւորուած է հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հիւանդանոցներէն մէկը, ուր բուժում կը ստանան նաեւ քաղաքացիական անձեր: Այս յարձակումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այդ մասին երէկ խօսած է նաեւ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը. – «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թիրախաւորել են հիւանդանոցներից մէկը, ինչը մեծ հաշուով մեծ ուշադրութեան պէտք է արժանանայ ողջ աշխարհում, եւ տեսնեն, թէ ինչպէս են բուժհիմնարկութիւնները եւս թիրախաւորուում, չնայած մեզ համար դա բոլորովին զարմանալի չէ, որովհետեւ մենք տեսել ենք դա մի քանի անգամ իրենց կողմից: Եթէ թիրախաւորուում է եկեղեցին, նոյն ձեւ կը թիրախաւորուի նաեւ հիւանդանոցը»:

Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով` երէկ թիրախաւորուած է նաեւ Հայաստանի տարածքը: Ատրպէյճանը չէ հերքած այդ. – «Թիրախաւորուել է մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող հրթիռային համակարգը, ինչը, յատուկ ուզում ենք շեշտել, օրինաւորացնում է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից համապատասխան պատասխան քայլերը եւ թիրախաւորումը նմանատիպ ռազմական նշանակութեան թիրախների Ատրպէյճանի տարածքում»:

Չնայած Ատրպէյճանը չի թաքցներ, որ հարուած հասցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, սակայն ՀԱՊԿ-ը դեռ որեւէ կերպ չէ արձագանգած: Այսօր ռազմական դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը Մինսքին մէջ հանդիպած է Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ, եւ ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն` հանդիպման ընթացքին նաեւ «աշխուժօրէն քննարկուած է Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան հարցը»։

Արդեօք Հայաստանը ՀԱՊԿ-ին կը պատրաստուի դիմել, վարչապետի գլխաւոր խորհրդական՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի խօսքով` Հայաստանի դէմ յարձակումի եւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին փաստերը կը հաւաքուին, եւ երբ կայացուի նման քաղաքական որոշում, Հայաստանը կը դիմէ. – «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն իր ելոյթում նշել է, որ Հայաստանը կը դիմի բոլոր միջոցներին, որոնք կ’ապահովեն Հայաստանի անվտանգութիւնը, ներառեալ ՀԱՊԿ, եւ այն, ինչ որ մենք հիմա լսում ենք, այն նիւթերն են, որ նախապատրաստուում են: Երբ որ կ’ընդունուի որոշում ռազմաքաղաքական իշխանութեան կողմից, այդ որոշումը կը յայտարարուի»:

Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ է Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութիւնը, այս պատերազմի ամենամեծ վտանգը օդէն կու գայ։ Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու հրամանատարի տեղակալ՝ Գարիկ Մովսէսեանը ըսաւ, որ Ատրպէյճանը հարուածներ հասցուցած է հակաօդային պաշտպանութեան, վնասներու մասին չեն կրնար ըսել, սակայն, որքանով ՀՕՊ-ը արդիւնաւէտ է, ցոյց կու տայ Ատրպէյճանի խոցուած օդային զրահամեքենաները, որոնցմէ մէկը՝ ՍՈւ-25 գրոհիչ ինքնաթիռը, ըստ Մովսէսեանին, խոցուած է այսօրուայ ասուլիսի մեկնարկէն րոպէներ առաջ։ Ատրպէյճանը հերքած է այս տեղեկութիւնը. – «Հարուածներ եղել են, ես իմ ելոյթում նշեցի, որ երկու անգամ հարուած է եղել, կորուստներին չեմ ուզում անդրադառնալ, որովհետեւ դրանք կարող են վնասել մեր համակարգի գործունէութեանը, ինչ վերաբերում է հարցի երկրորդ մասին` համակարգեր անհրաժեշտ են, թէ անհրաժեշտ չեն, պէտք է փաստեմ, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկուում են, որպէսզի հակաօդային պաշտպանութիւնը լինի ինքնաբաւ, կարողանայ կատարի օդային սահմանների պահպանութեան եւ պաշտպանութեան մարտական խնդիրները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment