Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրավիճակը կը Շարունակուի Լարուած Մնալ, Թէժ Մարտեր Կ’ընթանան

Իրավիճակը կը Շարունակուի Լարուած Մնալ, Թէժ Մարտեր Կ’ընթանան

by MassisPost

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն, սակայն վաղ առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը լայնածաւալ յարձակում սկսած է հիւսիսային ուղղութեամբ, կը հաղորդեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանի տեղեկացմամբ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը փորձած են գրաւել հայկական կողմի դիրքերը, սակայն ետ մղուած են՝ կրելով զգալի կորուստներ։ Արծրուն Յովհաննիսեան րոպէներ առաջ «Ազատութիւն»ին յայտնեց, ռազմադաշտի իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, թէժ մարտեր կ’ընթանան թէ հիւսիային, թէ հարաւային ուղղութեամբ։

«Հիւսիսային ուղղութեամբ առաւօտ 2-3 փորձից յետոյ մի փոքր հանդարտուել է, բայց հարաւային ուղղութեամբ շարունակուում են մարտական գործողութիւնները նոյն լարուածութեամբ, օդուժի կիրառութեամբ, հրետանու, զրահատանկային զօրքերի եւ յատկապէս հետեւակի ու գրոհող տարբեր խմբաւորումների, նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումների», – ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ատրպէյճանն ալ հայկական կողմը կը մեղադրէ հրադադարի ռեժիմը խախտելու համար` պնդելով, թէ հայկական կողմը կը հրետակոծէ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները։ Պաքուն կը յայտարարէ նաեւ, թէ հայկական կողմը զրահամեքենաներու ու մարդկային ուժի կորուստ ունի։ Հայկական կողմն ալ կը հերքէ Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւնը, թէ իբր Հայաստանը երէկ Նախիջեւանի Օրդուբադ շրջանի ուղղութեամբ հրթիռ արձակուած է ։

«Սա ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հերթական սուտն է, որը նպատակ է հետապնդում ընդլայնելու հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը», – յայտարարած է Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Արցախի պաշտպանութեան բանակը այսօր հրապարակեց զոհուած 29 նոր զինծառայողի անուն։ Հայկական կողմը մինչ այս պահը հաղորդած է 633 զինծառայողի մահուան մասին։ Մինչդեռ ատրպէյճանական կողմը իր զինուորներու կորուստի մասին կը լռէ, պատճառաբանելով, թէ այդ «ռազմական գաղտնիք» է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment