Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 1371-ով

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած է 1371-ով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 1371-ով՝ հասնելով 59 995-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 7 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 15-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 406-ով եւ հասած 47119-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 3957 հետազօտութիւն,   եւ ընդհանուր թիւը հասաւ 336 111-ի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment