Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գիշերը Յարաբերական Կայուն Լարուածութիւնը Պահպանուած Է, Առաւօտեան Հակառակորդը Վերսկսած Է Հրետանային Աշխոյժ Կրակը

Գիշերը Յարաբերական Կայուն Լարուածութիւնը Պահպանուած Է, Առաւօտեան Հակառակորդը Վերսկսած Է Հրետանային Աշխոյժ Կրակը

by MassisPost

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է, կը հաղորդէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Առաւօտեան հիւսիսային եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը վերսկսած է հրետանային աշխոյժ կրակը, ըսուած է հաղորդագրութեամբ:

«Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները շարունակում են վերահսկողութեան տակ պահել օփերաթիւ-մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր են ձեռնարկում թշնամական ուժերին նոր կորուստներ հասցնելու ուղղութեամբ», – կը հաղորդէ Արցախի ռազմական գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Գիշերը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի էջին գրած է. – «Երէկ ու այսօր գրեթէ առանց զրահամեքենայի, շատ խիտ հրետանային կրակի տակ ատրպէյճանական զօրքը մեծ խտութեան շարասիւններով, անդադար գրոհել են մեր մի քանի մարտական դիրքերը։ Սակայն կրելով չափազանց շատ կորուստներ յետ են շպրտուել առանց որեւէ յաջողութեան։ Որոշ տեղերում ատրպէյճանական կորուստները գերազանցում են անգամ առաջին օրերի իրենց կորուստները»։

Ատրպէյճանական կողմը, յիշեցնենք, որ չի հրապարակեր իր ռազմական կորուստները՝ պնդելով, թէ այդ «ռազմական գաղտնիք» է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment