Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Կը Զօրակցի Ճօ Պայտընին` Որպէս Ամերիկայի Յաջորդ Նախագահ

ՍԴՀԿ Կը Զօրակցի Ճօ Պայտընին` Որպէս Ամերիկայի Յաջորդ Նախագահ

by MassisPost

Այս օրերուն տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամենէն հետեւանքային ընտրութիւններէն մէկը, որ պիտի գայ ճշդելու երկրի ապագան, ոչ միայն յաջորդ չորս տարիներուն, այլ՝ տասնամեակներուն համար:

Միլիոնաւոր քուէարկողներ արդէն իսկ սկսած են իրենց ձայնը լսելի դարձնել փոստային եւ կամ կանուխ քուէարկութեամբ, իսկ Նոյեմբեր 3-ին, տասնեակ միլիոնաւոր քաղաքացիներ ներկայանալով քուէատուփեր պիտի քան վճռելու յաջորդ նախագահի անունը:

Մենք այս ընտրութիւններուն կը մօտենանք մեկնելով Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, Ամերիկահայութեան շահերէն, եւ մեր Կուսակցութեան գաղափարական սկզբունքներէն:

Այս օրերուն Արցախի ինքնիշխանութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ թրքական զինուած ուժերու գործնական մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն կը մտահոգեն բոլորիս: Խիստ կարեւոր է որ Սպիտակ Տան ղեկավարը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ եւ դիմէ գործնական քայլերու՝ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

Համոզուած ենք որ, Ճօ Պայտընի վարչակազմը պիտի օգտագործէ Ամերիկայի հեղինակութիւնն ու հսկայ միջոցները՝ կանխելու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ցեղասպանական նպատակները, դադրեցնելու յարձակումները Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ զսպելու Թուրքիոյ նախագահի ծաւալապաշտական նկրտումները Կովկասէն ներս եւ այլուր:

Ամերիկայի այլ քաղաքացիներուն նման, Ամերիկահայութիւնը եւս կը փափաքի երկրի ղեկին տեսնել հաւասարակշռուած եւ ժողովուրդի բարօրութեամբ մտահոգ նախագահ մը, որ ունենայ յստակ ծրագիր պայքարելու Քորոնա ժահրի դէմ, վերացնելու համաճարակի տնտեսական հետեւանքները, յարգելու երկրի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, պաշտպանելու ազատութիւնները, պայքարելու ցեղային խտրականութեան դէմ եւ ձգտի հաստատելու համերաշխութիւն երկրէն ներս:

Համոզուած ենք որ, այս դժուարին հանգրուանին Ճօ Պայտըն միակ թեկնածուն է որ պիտի կարողանայ արդարացնել Ամերիկացի ժողովուրդի ակնկալութիւններն ու յոյսերը, երկիրը վերադարձնելով ճիշդ ուղիի վրայ:

Որպէս սոցիալ դեմոկրատական սկզբունքները կրող կուսակցութիւն, մենք կը ձգտինք ընկերային արդարութեան, աղքատ եւ միջին դասակարգի իրաւունքներու պաշտպանութեան, պետական նպաստներու, երէցներու թոշակներու, նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացումին եւ առողջապահութիւնը ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մատչելի դարձնելու նպատակներուն:

Մենք կը հաւատանք որ, Ճօ Պայտըն միակ թեկնածուն է, որ պիտի պաշտպանէ այդ սկզբունքները եւ պիտի կարողանայ իրագործել զանոնք, առանց անտեսելու գործարար շրջանակներու իրաւունքները, այդպիսով բարելաւելով ժողովուրդի բոլոր խաւերու տնտեսական ու ընկերային պայմանները:

Մեկնելով այս հրամայականներէն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ճօ Պայտընին եւ Քամալա Հարրիսին, որպէս Ամերիկայի յաջորդ նախագահ եւ փոխ-նախագահ, եւ կոչ կ՛ուղղէ Ամերիկահայութեան՝ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով՝ քուէարկելու Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուներուն:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
[email protected]

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment