Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռազմական Գործողութիւններու Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 532 Զոհ

Ռազմական Գործողութիւններու Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 532 Զոհ

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակը այսօր՝ Հոկտեմբեր 13-ին, հրապարակեց եւս 16 զոհուած զինծառայողներու անուններ, միեւնույն ժամանակ Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ եւ այսօր հրապարակուած զոհուած զինծառայողներու ցուցակներուն մէջ տեղ գտած են շարք մը անճշդութիւններ, պարզուած է, որ ցուցակին մէջ ներառուած 10 զինծառայողներ ողջ են:

Սեպտեմբեր 27-էն ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ վերսկսուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ընդհանուր առմամբ արդէն յայտնի է 532 զոհի մասին։ Իսկ Ատրպէյճանը իր կորսնցուցած զինծառայողներու անունները կամ թիւը չի հրապարակեր, պատճառաբանելով, թէ այդ «ռազմական գաղտնիք է»։

Թէեւ գիշերը յարաբերականօրէն խաղաղ էր, այդուհանդերձ առաւօտեան, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այսօր առաւօտեան Ատրպէյճանը հարաւային, հիւսիսային, հիւսիսարեւելեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած է հրթիռահրետանային աշխոյժ կրակով ուղեկցուող գործողութիւններ, յատկապէս ճակատային գիծի հիւսիսարեւելեան հատուածը։

Ըստ հայկական պաշտօնական աղբիւրներուն՝ գիշերը անհանգիստ եղած են Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքները։ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան հաղորդումով՝ Ատրպէյճանը շարունակած է ռմբակոծել խաղաղ բնակավայրերը, խախտելով մարդասիրական հրադադարի ռեժիմը։ Թիրախաւորուած են քաղաքացիական կառոյցներ։ Մարտակերտի մէջ այրած է մէկ բնակարան։ Զոհեր ու վիրաւորներ չկան։

Նոյն ծառայութեան հաղորդումով՝ միայն Ստեփանակերտի մէջ արդէն յայտնաբերուած է թրքական եւ իսրայէլական արտադրութեան հրթիռային, հարուածային եւ քասեթային շուրջ 673 ռումբ։

Իսկ ըստ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան՝ այս գիշեր առաջնագիծին վրայ իրավիճակը լարուած եղած է Աղտամի եւ Ֆիզուլի-Հատրութ ուղղութիւններով։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակը իր հերթին կը հակադարձէ ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքներուն, թէ Հայաստանը կոպտօրէն խախտելով մարդասիրական հրադադարը՝ կրակ բացած է  Թարթառի, Աղտամի եւ Կորանպվոյի շրջաններու խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ։

«Այս բացարձակ սուտ տեղեկատուութեամբ ատրպէյճանական կողմը հող է նախապատրաստում խաղաղ բնակավայրերի նկատմամբ յարձակողական գործողութիւնների համար», – գրած է Շուշան Ստեփանեան՝ հերքելով նաեւ ատրպէյճանական կողմի տեղեկութիւնը, թէ Աղջաբեդի շրջանը կրակի տակ է հայկական զինուժի կողմէն։

Անցեալ շաբաթ Մոսկուայի մէջ համաձայնեցուած մարդասիրական հրադադարը, ըստ էութեան, արդէն չորրորդ օրն է, որ չի պահպանուիր, որու հետեւանքով ալ զոհուածներու դիերու տարհանում եւ գերիներու փոխանակում չ’իրականացուիր։ Կողմերը շարունակաբար զիրար կը մեղադրեն հրադադարի ռեժիմը խախտելու համար։

Ըստ հայկական կողմին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ օրս առնուազն 31 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, Ատրպէյճանը կը հաղորդէ 41 քաղաքացիական անձի մահուան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment