Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսքի Խումբի Համանախագահները Կոչ Կ’ընեն Անյապաղ Իրագործելու Հրադադարը

Մինսքի Խումբի Համանախագահները Կոչ Կ’ընեն Անյապաղ Իրագործելու Հրադադարը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները մտահոգութեամբ կ’արձանագրեն բռնութիւններու շարունակութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ եւ կոչ կ’ընեն Հայաստանի վարչապետին ու Ատրպէյճանի նախագահին՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու հոկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի ստանձնած պարտաւորութիւնները լիովին կատարելու ուղղութեամբ:

Փաստելով, որ ռազմական գործողութիւնները կը սպառնան աղէտալի հետեւանքներ թողնել տարածաշրջանին վրայ, Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Էնտրիւ Շոֆերը (ԱՄՆ) եւ Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) կը վերահաստատեն, որ քաղաքացիական բնակավայրերու հանդէպ յարձակումները անընդունելի են որեւէ պարագայի։

Համանախագահները կոչ կ’ընեն կողմերուն անյապաղ կատարելու մարդասիրական հրադադարը, աճիւնները վերադարձնելու, ռազմագերիները ու ազատազրկուածները փոխանակելու համար։

Միջնորդները նաեւ կը յորդորեն հրատապ համաձայնութեան գալու հրադադարի խախտման դէպքերը վերահսկող մեքենականութեան շուրջ։

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումներէն յետոյ համանախագահները կը շարունակեն աշխատանքը բոլոր կողմերուն հետ՝ ղարաբաղեան խնդիրի քաղաքական կարգաւորման առարկայական հարցերու շուրջ՝ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար», – ըսուած է այսօր տարածուած համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Այդուհանդերձ, Հոկտեմբեր 10-ին ժամը 12-ին ուժի մէջ մտած հրադադարը չի պահպանուիր, որու համար կողմերը զիրար կը մեղադրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment