Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սլովաքիան Արցախին Մարդասիրական Օգնութիւն Փոխանցած է

Սլովաքիան Արցախին Մարդասիրական Օգնութիւն Փոխանցած է

by MassisPost

Սլովաքիոյ դիւանագիտական գերատեսչութիւնը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով Լեռնային Ղարաբաղին, որպէս մարդասիրական օգնութիւն, փոխանցած է 25 հազար եւրօ: Այս մասին թուիթերեան իր էջով տեղեկացուցած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արտակ Բեգլարեան եւ այդ կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնած Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Իվան Քորչոքին:

Անցեալ շաբաթ, Սլովաքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարին հետ հեռախօսազրոյց ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանը։ Ըստ հայկական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Մնացականեան իր սլովաք գործընկերոջ ներկայացուցած է «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը»: «Այս համաթեքսթում նախարար Մնացականեանը խստօրէն դատապարտել է քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքների դիտաւորեալ թիրախաւորումը», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment