Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Հաղորդէ Ատրպէյճանական Նաւթամթերքի Կայաններու Խոցման Մասին

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Հաղորդէ Ատրպէյճանական Նաւթամթերքի Կայաններու Խոցման Մասին

by MassisPost

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը այսօր եւս հեռահար հրթիռային եւ այլ օդային միջոցներով հարուածներ հասցուցած են խաղաղ բնակչութեան՝ Ստեփանակերտին, Շուշիին եւ այլ բնակավայրերուն, ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեան, նշելով, որ սահմանի ամբողջ ուղղութեամբ մարտերը կը շարունակուին։

Ըստ Յովհաննիսեանին, գիշերուայ ընթացքին ատրպէյճանական կողմը Արաքսի երկայնքով փորձած է ուժեր կուտակել եւ առաջ ընթանալ, սակայն պատասխան հարուած ստացած է ։

«Մեր հետախուզական ստորաբաժանումները հետեւել են հակառակորդի գործողութիւններին, ժամանակին հաւաստանշել են եւ դիպուկ հրետանային եւ հրթիռային կրակով խմբաւորմանը մեծ վնաս են պատճառել․ մօտաւորապէս 3 համահաւաք  ջոկատներ՝ լաւ սպառազինուած, կրակային խոցում են իրականացրել՝ ոչնչացնելով ամբողջ խումբը, այդ զօրախումբը կրել է զգալի կորուստներ․ մի քանի տասնեակ մահացածներ, զգալի թւով զրահամեքենաներ, որոնց մի մասն անվնաս թողել եւ դաշտից փախել են», – ըսաւ Յովհաննիսեան։

Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչը նաեւ տեղեկացուց, որ ատրպէյճանական նաւթամթերքի մեծ կայան խոցուած է, որու հետեւանքով զոհուած է կայանի յարակից տարածքը գտնուող մօտ 200 զինծառայող։

Առաւօտեան նախարարութիւնը հաղորդած էր հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդի վառելանիւթերու պահպանման խոշոր կայանի խոցման մասին։

Հիւսիսային ուղղութեամբ եւս, Յովհաննիսեանի խօսքով, հայկական կողմը զգալի առաջխաղացումներ ունի, կարեւոր դիրքեր բարելաւած է։

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 7-ին,   աւելի վաղ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ ժամը 14-ի սահմաններուն Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման եւ «Կամաւորական շարժում» ՀԿ ջոկատի աշխոյժ մասնակցութեամբ, հիւսիսային ուղղութեամբ կազմակերպուած է հակագրոհ եւ ետ վերադարձուած է Վարանգաթաղ (Լուլասազ) կոչուող բարձունքը: Հակառակորդը տուեալ բարձունքը թողած է 6 դիակ:

«Մեր զօրքերը շարունակում են վստահաբար յաղթանակներ տանել տարբեր ռազմաճակատներում։ Մարտերը դժուար են, ծանր են, հակառակորդը մեծ ուժեր եւ միջոցներ է կիրառում», – եզրափակեց Յովհաննիսեանը։

Ատրպէյճանական կողմը ինչպէս այս, այնպէս ալ որեւէ այլ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կորուստներու մասին, 27 սեպտեմբերէն մեկնարկուած, չէ հաղորդած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment