Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուրուկուէյ կը Դատապարտէ Յարձակումները Հայ Ժողովուրդի Դէմ

Ուրուկուէյ կը Դատապարտէ Յարձակումները Հայ Ժողովուրդի Դէմ

by MassisPost

Ուրուկուէյի կառավարութիւնը նոր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ բռնութեան աճի կապակցութեամբ, որմով կը դատապարտէ յարձակումները հայ ժողովուրդի նկատմամբ։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․ – «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական ուժերու միջեւ զինուած առճակատման վատթարացման հետեւանքով, Ուրուկուէյի կառավարութիւնը անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ տարածաշրջանի ապակայունացման վտանգի վերաբերեալ եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ այդ գործողութիւններու ընթացքին տուժուածներու եւ զոհերու ընտանիքներուն: Ուրուկուէյը կը դատապարտէ յարձակումները հայ ժողովուրդին դէմ, որու հետ միշտ պահպանած է ամուր բարեկամական կապեր»:

Ուրուկուէյը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը միջազգային հանրութեան կոչերուն, երկու կողմերու միջեւ արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հրադադարի հաստատման, երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու մթնոլորտի վերականգնման վերաբերեալ, որ, ըստ յայտարարութեան, անփոխարինելի պայման է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար, միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կողմէ խրախուսուող նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս: Այս շրջածիրէն ներս, Ուրուկուէյը կը սատարէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ երկխօսութիւնը վերսկսելու կոչերը։

«Հայ եւ ուրուկուէյցի ժողովուրդների մէկդարեայ սերտ բարեկամութիւնը սկիզբ է առել այն պահից, երբ Ուրուկուէյը գրկաբաց ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած հայ գաղթեալներին: Ուրուկուէյը առաջինն էր աշխարհում, որ ճանաչեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կերտեց պատմութիւն: Ուրուկուէյը հաւատարիմ է իր սկզբունքներին եւ համոզմունքներին: Այսօր կարեւոր է գիտակցել, որ միահամուռ ջանքերով հնարաւոր է կանխել նոր ցեղասպանութիւն: Կանխել եւ ոչ թէ հետագայում ճանաչել եւ դատապարտել», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին յայտարարեց Ուրուկուէյի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Էսթերա Մկրտումեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment