Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ամբողջ Գիշեր Ստեփանակերտը Ռմբակոծուած Է

Ամբողջ Գիշեր Ստեփանակերտը Ռմբակոծուած Է

by MassisPost

Պարբերաբար կը հնչէին օդային տագնապի ձայներ, որոնց կը յաջորդէին հարուածները։ Թէ ինչ զինատեսակներէն էին հարուածները, դեռ ըսել հնարաւոր չէ, քանի որ պաշտօնական տեղեկութիւն այդ մասին առայժմ չկայ։ Ձայները բաւականին ուժգին էին։ Վնասներու մասին խօսիլ դեռ կանուխ է։

Նշենք, որ սովորաբար գիշերները Արցախի մայրաքաղաքը համեմատաբար հանգիստ կ’անցնէին, ատրպէյճանական կողմը ռազմական գործողութիւնները կը վերսկսէր լուսադէմին։

Երէկ՝ Հոկտեմբեր 6-ի օրուայ առաջին կէսը համեմատաբար հանգիստ էր, հրետակոծութիւններն ու հրթիռային հարուածները վերսկսած են օրուայ երկրորդ կէսին։ Երէկ վնասուած է Արցախի Կարմիր խաչին շատ մօտ գտնուող շէնքերէն մէկը։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան նախօրէին նշեց, որ ըստ իրենց տեղեկութիւններուն՝ Ատրպէյճանը նպատակ ունի թիրախաւորել հիւանդանոցը, վնասներէն մէկն ալ հիւանդանոցի տարածքը եղած է ։

Ուշ երեկոյեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը յայտնեց, որ կը հրթիռակոծուին Ստեփանակերտն ու Շուշին:

Գիշերը Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը «թուիթըր»եան էջին գրած էր, թէ «Հայաստանը քասեթային հրթիռ արձակած է Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի ուղղութեամբ», որ իբր վար ինկած է Եւլախի շրջանի մերձակայքը՝ խողովակաշարէն 10 մեթր հեռու եւ նաւթամուղը չէ վնասուած:

Ատրպէյճանական կողմի այս յայտարարութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը լկտի սուտ որակեց։

Նշենք, որ մինչեւ 4 հոկտեմբերը, Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած՝ 80 խաղաղ բնակիչ։ Ատրպէյճանական կողմն ալ յայտարարած է, որ 27 սեպտեմբերէն սկսեալ, հայկական կողմի հրետակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 27 քաղաքացիական անձ եւ 141-ը վիրաւորուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment