Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բոլորս Արցախի Համար

Բոլորս Արցախի Համար

by MassisPost

Արցախեան Հերոսամարտը թեւակոխեց իր երկրորդ շաբաթը, որու ընթացքին Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, իրենց հետ ունենալով աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած վարձկանները ու ռազմադաշտ նետելով իրենց ամբողջ զինանոցը կը շարունակեն պարտութիւններ կրել անձնուրաց Հայ զինուորներու սխրագործութեանց առջեւ:

Թշնամիի նախանշած բոլոր ծրագիրները ձախողութեան մատնուած են: Երեք օրէն Ստեփանակերտ հասնելու երազանքները կը մնան այդպիսին ու ժամանակը կը գործէ ի նպաստ Հայութեան:

Տասնեակ հազար Հայ կամաւորներ անհամբեր կը սպասեն իրենց հերթին, ուղղուելու ռազմաճակատ, սահմաններուն կանգնած մեր առի զինուորներուն միանալու ու պաշտպանելու հայոց սրբազան հողը: Այս օրերուն կը գրուին Հայոց պատմութեան հերոսական նորագոյն էջերը:

Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի տարածքին Հայութիւնը մէկ մարդու նման կը ցուցաբերէ սարտարապատեան ոգի: իւրաքանչիւրը իր ներդրումը կը բերէ անխուսափելի եւ մօտալուտ յաղթանակին:

Այս օրերուն մեծ թափով կը շարունակուի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի «Բոլորս Արցախի Համար» հանգանակային արշաւը: Երեքշաբթի երեկոյեան, թերթը մամուլին ուղարկելու պահուն հաւաքուած էր 71 միլիոն տոլար: Այս գումարը Հիմնադրամի պատմութեան մէջ մրցանիշ է, սակայն անբաւարար: Հայրենիքը կը մղէ կենաց ու մահուան կռիւ եւ կարիքը ունի շատ աւելի մեծ օժանդակութեան: Որոշ տուեալներու համաձայն Հայաստան ու Արցախ կը կրեն օրական 30 միլիոն տոլարի վնաս, չհաշուած պատերազմի հետեւանքով ապագային յառաջանալիք տնտեսական ու ընկերային նոր մարտահրաւէրները:

Հետեւաբար, Սփիւռքահայութիւնը եւ յատկապէս Ամերիկահայութիւնը հրամայականի առջեւ է կրկնապատկելու ու եռապատկելու հանգանակուած գումարները: Մէկ անգամ նուիրատուութիւնը կատարելով չենք կրնար բաւարարուիլ: Իւրաքանչիւր անհատ, որու երակներէն կը հոսի հայու արիւն պիտի գիտակցի, որ ինք զինուոր է այս հերոսամարտին մէջ: Սահմանին կանգնած Հայ զինուորը կը նահատակուի, որպէսզի մենք ճակատաբաց ապրինք այս երկրագունդին վրայ:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը ինչպէս միշտ, այսօր եւս կանգնած է Հայրենիքի ու Հայ զինուորի կողքին ու կոչ կ՛ուղղէ իր անդամներուն, համակիրներուն ու համայն Ամերիկահայութեան մասնակցելու դրամահաւաքին ու իր ներդրումը բերելու Հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին:
ԲՈԼՈՐՍ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment