Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թուրքիան Սուրիացի Գրոհայիններ Կ’ուղարկէ Ատրպէյճան, Կը Փաստեն Reuters-ը, The Guardian-ը եւ Times-ը

Թուրքիան Սուրիացի Գրոհայիններ Կ’ուղարկէ Ատրպէյճան, Կը Փաստեն Reuters-ը, The Guardian-ը եւ Times-ը

by MassisPost

«Այս քայլով Թուրքիան Մոսկուայի հետ մրցակցութեան երրորդ ճակատ կը բանայ` Սուրիայէն եւ Լիպիայէն յետոյ», – կը գրէ The Guardian-ը:

Թուրքիան սուրիացի գրոհայիններ կ’ուղարկէ Ատրպէյճան` աջակցելու Պաքուին, հայերու դէմ սկսուած բախումներուն, կը հաղորդէ Reuters-ը: Այդ մասին հեղինակաւոր գործակալութեան ըսած են իրենք` Ատրպէյճան ուղեւորուող զինեալները:

Reuters մասնաւորապէս յաջողած է խօսիլ անոնցմէ երկուքին հետ, որոնք անանուն մնալու պայմանով պնդած են թէ կ’երթան յանուն փողի: «Ես չէի ուզեր, բայց գումարի կարիք ունիմ», – ըսած է վարձկաններէն մէկը, խոստովանելով, որ իրեն խոստացած են ամսական 1500 տոլար, ինչ որ հսկայական գումար է ծայրայեղ աղքատութեան մէջ գտնուող Սուրիային համար: Ատրպէյճան ուղեւորուող գրոհայինը նաեւ պատմած է, թէ յանձնարարութիւնը ստացած է Անգարայի աջակցութիւնը վայելող «Սուրիական ազգային բանակ»էն:

Զինեալները պատմած են, որ իրենց նման շատ-շատեր այդ պայմաններուն համաձայնած են, մէկը ըսած է, թէ ըստ իր տեղեկութիւններուն՝ մօտ 1000 սուրիացի պիտի մեկնի Ատրպէյճան, միւսը ըսած է` 700-1000:

Ընդ որում, Reuters անոնց հետ զրուցած է անցեալ շաբաթ, երբ Ղարաբաղի մարտերը դեռ չէին սկսած: Վարձկանները նաեւ մէկ այլ ուշագրաւ տեղեկութիւն յայտնած են, թէ իրենց Ատրպէյճան կ’ուղարկեն մինչեւ սեպտեմբեր 25-ը, այսինքն՝ բուն բախումներու մեկնարկէն երկու օր առաջ:

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ ՀաՃիեւը «լիակատար անհեթեթութիւն» որակած է սուրիացի վարձկաններուն ներգրաւելու մասին հարցը: «Մեր զինուած ուժերը պէտք եղածէն աւելի զինուոր ու պահեստազօր ունին», – պնդած է Հաճիեւը:

Ատրպէյճանը դեռ հազիւ տարածած էր հերքումը, երբ նոյն թեմայով յօդուած հրապարակեց արեւմտեան մէկ այլ հեղինակաւոր լրատուամիջոց` բրիտանական The Guardian-ը: Յօդուածի հեղինակը պարբերականի Պոլսոյ թղթակիցն է, որ տեղեկութիւնները ստացած է սուրիացի երեք գրոհայիններէ, որոնք խոստովանած են, որ պայմանագիր ստորագրած են թրքական մասնաւոր ընկերութեան մը հետ` Ատրպէյճանի մէջ որպէս սահմանապահ աշխատելու համար:

The Guardian-ը զրուցած է երկու եղբայրներու հետ, որոնք խնդրած են իրենց իրական անունները չհրապարակել, բայց պատմած են, թէ Ատրպէյճան մեկնելու առաջարկը ստացած են Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Սուլթան Մուրատ»  ջոկատի  հրամանատարէ մը, ընդ որում՝ իրենց շրջապատի զինեալներու հաւաքագրումը սկսած է դեռ մէկ ամիս առաջ: «Մեր առաջնորդը ըսաւ, որ դուք կռիւներուն պիտի չ մասնակցիք, միայն պիտի աջակցիք պահպանութեան որոշ տարածքներու մէջ», – ըսած է եղբայրներէն մէկը, որուն խօսքով, իրենց ամսական 7-10 հազար թրքական լիրա` 700-1000 տոլար աշխատավարձ խոստացած են՝ նաւթի եւ կազի ենթակառուցուածքներու պահպանութեան համար:

The Guardian-ը իր հերթին ընդգծած է, որ այդ խոստումները ոչ միշտ կը պահուին. – «Ինչպէս եւ Ատրպէյճանի պարագային, Լիպիա մեկնող սուրիացի զինեալներէն շատերուն եւս սկիզբը ըսուած էր, թէ միայն թիկնապահ պիտի աշխատին, տեղ հասնելուն պէս, սակայն, նրանք յայտնուած էին առաջնագիծին վրայ»:

Պարբերականը զրուցած է նաեւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող «Սուրիայի ազգային բանակի» ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի իրաւապաշտպաններուն հետ, երկու աղբիւրներն ալ նշած են, թէ զինեալներու առաջին` 500-հոգինոց խումբը արդէն իսկ հասած է Ատրպէյճան, բացի այդ, Պաքու մեկնած են նաեւ երկու բարձրաստիճան հրամանատարներ` «Սուլթան Մուրատ» բաժնի առաջնորդ՝ Ֆահիմ Էիսսան եւ «Ալ Համզա»-ի առաջնորդ՝ Սայիֆ Ապու Պաքիրը:

«Այս հաղորդումներու իսկութիւնը հաստատել չեն յաջողած», – կը գրէ The Guardian-ը, աւելցնելով` լուրերը կ’ամրապնդուին ընկերային համացանցով տարածուած, որոշ չճշդուած տեսանիւթերով, ուր կ’երեւին ինչպէս սուրիացի զինուած գրոհայիններ բեռնատարով կը ճամբորդեն Ատրպէյճանի ճանապարհներով` ռազմական երգերով:

Սուրիացի ապստամբներու առաջնորդներէն մէկը` Մուսթաֆա Սեճարին, արեւմտեան մամուլի տեղեկութիւնները չէ հաստատած, բայց չէ ալ հերքած: Աւելին, վերջինս բացայայտ փաստած է, որ Թուրքիան յոյսի վերջին նշոյլը մնացած է Սուրիոյ նախագահի դէմ պայքարող գրոհայիններուն համար, քանի որ Ասատը երկրի գերակշիռ մասը արդէն իր վերահսկողութեան տակ առած է, Ռուսաստանի եւ Իրանի աջակցութեամբ:

Աւելի վաղ, հեղինակաւոր մէկ այլ պարբերական` բրիտանական Times-ը նոյն թեմայով յօդուած հրապարակած է: Պէյրութի թղթակիցը յաջողած էր գտնել սուրիացի զինուորական մը, որ ինքն ալ նախապէս համաձայնած, յետոյ հրաժարած էր Ատրպէյճան մեկնելու մտադրութենէն:

«Միտքս փոխեցի, քանի որ մենք տասը տարի Սուրիոյ մէջ շիաներու դէմ կը կռուէինք, իսկ հիմա պէտք է աջակցինք հիմնականօրէն շիա Ատրպէյճանին», ֊ ըսած է Times-ի զրուցակից Մոհամատ Մահմուտ ալ֊Սոուրանը:

Վերջինս նշած է, որ իր զինակից ընկերներէն շատերը` մօտ 150-200֊ը, այնուամենայնիւ, համաձայնած են: «Ես որեւէ մէկուն չեմ մեղադրեր, այս տարածքին մէջ մարդիկ սովահար են, եւ շատ երիտասարդներ ու հայրեր յուսահատ կը դիմեն անոր», – ըսած է ան՝ աւելցնելով. – «Կ’ուզեմ, որ Թուրքիան վերջ տայ մեր աղքատութենէն օգտուելուն, եւ կը խնդրեմ, որ Սուրիոյ առաջնորդները հետեւին, թէ ինչ կը կատարուի: Սուրիացի տղամարդիկ կը շահագործուին, մեր ժողովուրդը խաղաղութիւն կը փնտռէ եւ ոչ թէ պատերազմ»:

Times-ի զրուցակիցի խօսքով՝ Ատրպէյճան մեկնած սուրիացի զինեալներու հետ որեւէ կապ չկայ, քանի որ անոնց թոյլ չի տրուիր իրենց մօտ պահել բջջային հեռախօսները:

Պաշտօնական Անգարան, հետեւելով Պաքուի օրինակին, կտրականապէս հերքած է այս մասին հաղորդումները: Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը The Guardian-ին ըսած է. – «Մենք ատրպէյճանական բանակին կ’օգնենք միայն խորհրդատուութեամբ եւ վերապատրաստմամբ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի զբաղիր զինուորականներու հաւաքագրմամբ կամ տեղափոխմամբ աշխարհի որեւէ անկիւն»:

Reuters-ը, մինչդեռ, կը փաստէ, որ Թուրքիան առաջին անգամը չէ, որ իր նպատակներուն հասնելու համար սուրիացի զինեալներ կը ներգրաւէ: Ամիսներ առաջ Անգարան անոնց Լիպիա գործուղած էր, որպէսզի օգնէ տեղւոյն կառավարութեան, ռուսերու աջակցութիւնը վայելող զօրավար Հաֆթարի դէմ պայքարին:

«Սուրիացի զինեալները հիմա ալ Ատրպէյճան տեղակայելու ծրագիրը ցոյց կու տայ, թէ որքան մեծ է իր սահմաններէն դուրս ազդեցութիւնը սփռելու Անգարայի ախորժակը», – կը փաստէ The Guardian-ը, միաժամանակ նկատելով. – «Այս քայլով Թուրքիան Մոսկուայի հետ մրցակցութեան երրորդ ճակատը կը բանայ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն յետոյ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment