Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քրեմլին Կոչ Կ’ընէ Երկիրներուն ԼՂ Հարցով Իւղ Չլեցնել Կրակին Վրայ

Քրեմլին Կոչ Կ’ընէ Երկիրներուն ԼՂ Հարցով Իւղ Չլեցնել Կրակին Վրայ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութիւնը Կրնայ Վերածուիլ Ռուս-Թրքական Հակամարտութեան, Կարծիք Կը Յայտնեն Ռուսաստանցի Փորձագէտները

Քրեմլինի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով Սեպտեմբեր 29-ին յայտարարած է, թէ Ռուսաստանը մշտապէս կապի մէջ է Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ: Ռուսաստանը կ’ուզէ, որ ռազմական գործողութիւնները դադրեցուին եւ կը զգուշացնէ, որ կողմերէն որեւէ մէկուն ռազմական օգնութիւն տրամադրելը ալ աւելի կը թէժացնէ լարուածութիւնը:
Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղարը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի միայն քաղաքական կարգաւորում, եւ երկիրներուն կոչ ըրած է իւղ չլեցնել կրակին վրայ առանց շեշտելու, թէ յատկապէս որ երկիրներու մասին է խօսքը:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է աջակցիլ Ատրպէյճանին նաեւ ռազմական դաշտով:
Ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին նաեւ Պետտումայի մէջ: Ռուսաստանը շահագրգռուած է հակամարտութեան շուտափոյթ դադրեցմամբ եւ Ղարաբաղի շուրջ իրադրութեան կարգաւորմամբ, այստեղ որոշիչ դեր պէտք է խաղայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը, յայտարարած է Պետտումայի պատգամաւոր, «Արդար Ռուսաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Սերկէյ Միրոնովը: Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ԼԴՊՌ կուսակցութեան ղեկավա՝ Վլատիմիր Ժիրինովսքին առաջարկած էր Լեռնային Ղարաբաղը միացնել Ռուսաստանին:
Պետտուման քննարկած եւ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի վերաբերեալ յայտարարութեան նախագիծ, ուր կոչ ըրած է դադրեցնելու ռազմական բախումները, ինչպէս նաեւ առաջարկած է խաղաղ կարգաւորման միջնորդական օգնութիւն: Ռուսաստանի Պետտումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով Եւրասիական միաձուլման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի պատրաստած յայտարարութեան համաձայնª պատգամաւորները լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի իրադրութեան կտրուկ սրման կապակցութեամբ, որ յանգեցուցած է բազմաթիւ մարդկային զոհերու, եւ վճռականօրէն կը դատապարտեն կողմերու կողմէ ուժի կիրառումը: Նման չէզոք յայտարութիւններ արդէն ըրած են Քրեմլինը եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահի կարծիքով՝ կողմերը պէտք է հանգստանան,«դադրեցնեն կրքերու բորբոքումը, ձերբազատուին ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ կանգնեցնեն հակամարտութեան ռազմական բաղադրիչը»:
Նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ատրպէյճանական բանակը կը ռմբակոծէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, մասնաւորապէս Վարդենիսի շրջանը, եւ արդէն կայ զոհ խաղաղ բնակչութեան մէջ: Ռուսական լրատուական գործակալութիւնները այս տեղեկութիւնը աշխուժօրէն կը տարածեն:
Ռուսաստանցի փորձագէտները գրեթէ միաձայն կը յայտարարէին, որ եթէ ռազմական գործողութիւնները տարածուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք, Ռուսաստանը‘ որպէս Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւոր եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ, ստիպուած պիտի ըլլայ միջամտելու եւ օգնելու հայերուն:
Ռուսաստանցի փորձագէտները կը համարեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարող է վերածուիլ ռուս-թրքական հակամարտութեան, քանի որ այսօր Ղարաբաղի մէջ իրենց կարծիքով‘ կ’որոշուի, թէ ով է հիմնական դերակատարը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Ռուսաստանը, թէ Թուրքիան: Ատրպէյճանը այս պատերազմը սկսած է՝ համոզուած ըլլալով, որ հիմնական դերակատարը տարածաշրջանին մէջ այսօր Անգարան է, կը կարծէ ռուսաստանցի քաղաքագէտ Արգատի Տուպնովը . – «Թուրքիան պարզապէս տարածաշրջանային տերութիւն չէ, Թուրքիան թրքական աշխարհի առաջնորդն է: Թուրքիան փանթուրքիզմի դրօշակակիր է: Ի հարկէ, Թուրքիան առաջին հերթին կանգնած է պատերազմ սկսելու Պաքուի որոշման ետեւը: Ոչ ոք չի կասկածիր, որ Ատրպէյճանն է պատերազմը սկսած: Եւ սկսած է միայն այն պատճառով, որ լիակատար աջակցութիւն ստացած է Թուրքիայէն», – «Ազատութիւն» ռատիոյի ռուսական ծառայութեան եթերով ըսած է փորձագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment