Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի միջեւ «Աջակցութիւն Հայաստանի դատական ոլորտի բարեփոխումներու կատարման. փուլ I» ֆինանսաւորման համաձայնագրի ստորագրութեան առաջարկութեան:
30 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագրի 3 միլիոն եւրօն միտուած է արդիւնաբերական աջակցութեան՝ հիմնականօրէն խորհրդատուական ծառայութիւններուն, իսկ մնացած 27 միլիոնը 3 հաւասար մասնաբաժիններով պիտի յատկացուի պետական պիւտճէին՝ ըստ համաձայնագրի ընդհանուր եւ յատուկ պայմաններու կատարման, կը հաղորդէ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց ծրագրի վերաբերեալ եւ նշեց, որ առաջին 9 միլիոն եւրօն կ’ակնկալուի ստանալ այս տարի, որ կը տրուի 3 բաղադրիչի համար. – «Առաջինը՝ դատաւորների բարեվարքութեան եւ գոյքային դրութեան ստուգման համար: Այսինքն՝ մենք պէտք է այդ պայմաններն ապահովենք, Դատական օրէնսգրքի անցումային դրոյթներով նախատեսուած է, եւ այս պահին քորուփցիայի կանխարգելման յանձնաժողովն իրականացնում է Բարձրագոյն դատական խորհրդի եւ ՍԴ դատաւորների գոյքային դրութեան ստուգում: Սա բերելու է քորուփցիայից զերծ դատական համակարգ ունենալու մեր նախանշուած ծրագրի իրականացմանը: Երկրորդ բաղադրիչը դատական համակարգում ծառայութիւնների մատուցման որակի բարձրացումն է: Այսինքն` այստեղ ներառուած է նաեւ ելեկտրոնային գործիքների, այլընտրանքային վէճերի լուծման մեքենականութեան ներդրումը, միջնորդական դատավարութեան հետագայ զարգացումը: Եւ, որպէս վերջնարդիւնք, օրինակ` նշուած է, որ մինչեւ 2025 թուականին վարչական եւ քաղաքացիական գործերով ծանրաբեռնուածութիւնը 40 տոկոսով պէտք է նուազի»:
Երրորդ բաղադրիչը վերաբերում է հակաքորուփցիոն հաստատութենական համակարգին: «Պէտք է քորուփցիայի դէմ պայքարը բարելաւելու տեսանկիւնից Դատախազութիւնում՝ սահմանուած չափանիշներին համապատասխան ձեւաւորուի հակաքորուփցիոն ստորաբաժանումը, ձեւաւորուեն հակաքորուփցիոն եւ հակաքորուփցիոն վերաքննիչ դատարանները, եւ այս բաղադրիչի մասով է սահմանուած առաջընթացը», – ըսաւ Ռուստամ Պատասեան:
Գործադիրի հաւանութեան արժանացաւ նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի միջեւ «COVID-19 համավարակը դիմակայման Հայաստանի պայմանագիր» ֆինանսաւորման համաձայնագրի ստորագրման առաջարկութիւնը:
Ծրագիրով նախատեսուած 30 միլիոն եւրօն պիտի տրամադրուի Ազգային գանձապետարանին՝ ուղղակի պիւտճէական չթիրախաւորուած աջակցութեան տեսքով։
Ծրագիրը նախատեսուած է աջակցելու Հաեաստանի՝ COVID-19-ի բռնկման ուղղուած արձագանգին եւ մեղմացնելու առողջապահական, ընկերա-տնտեսական ոլորտներէն ներս համավարակի բացասական հետեւանքները:
Այս պիւտճէական աջակցութեան 24 միլիոն եւրօն պիտի տրամադրուի միանուագ զանգուածային տեսքով, կառավարութեան կողմէ COVID-19-ի արձագանգման միջնաժամկէտ ընկերա-տնտեսական վերականգնման ծրագրի մշակման եւ կատարման գործընթացքին առաջընթացի ընդհանուր նախապայմանի բաւարարման հետեւանքով: Մնացած 6 միլիոն եւրօ աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի համաձայնագիրի նախագիծի յատուկ նախապայմաններուն մէջ ներկայացուած COVID-19-ի ճգնաժամի գնահատման եւ արձագանքի արդիւնքներու ապահովման հետեւանքով:
Ծրագրի նպատակներէն է առողջապահութեան համակարգի պատշաճ վերազինումը՝ COVID-19-ի առաջացուցած ճգնաժամին եւ միջնաժամկէտ հեռանկարով առողջապահութեան ոլորտէն ներս արտակարգ իրավիճակները դիմակայելու նպատակով։ Նախատեսուած է նաեւ օգնել Կառավարութեան, աջակցելու խոցելի խմբերուն եւ մասնաւոր հատուածին COVID-19-ի հետեւանքները դիմակայման գործընթացին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Եւրամիութեան հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու կատարման համաթեքսթով: